«Սուրիոյ Կառավարութիւնը Համաձայն Է Ատհայի Զինադադարին» Կը Յայտարարէ Իպրահիմի
By adminx - Thu Oct 25, 7:26 am
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը Ատհայի տօնին առիթով հաստատուելիք զինադադարին համաձայն է: Ան Գահիրէի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ ընդդիմադիր զինեալ հատուածներու մեծամասնութիւնը եւս զինադադարը յարգելուն համաձայն է:
Սուրիոյ կառավարութիւնը յայտնեց, որ այս հարցով իր վերջնական պատասխանը պիտի տայ այսօր հրապարակուելիք հաղորդագրութեան մը միջոցով:
Իպրահիմի յայտնեց, որ կը յուսայ վաղը հաստատուելիք զինադադարը օգտագործել «քաղաքական համապարփակ հոլովոյթի մը մաս կազմող աւելի երկարատեւ եւ ազդու զինադադար մը քննարկելու համար»:
Իպրահիմի չըսաւ, թէ զինադադարը ե՛րբ պիտի սկսի կամ անոր տեւողութիւնը որքա՛ն պիտի ըլլայ:
Սուրիական ազատ բանակի քաղաքական հարցերով խորհրդական Պասսամ Տատա յայտնեց, որ «Իպրահիմի զինադադարի հարցով մեզի հետ կապ չհաստատեց եւ ստիպուած չենք անոր յանձնառու ըլլալ»:
Սուրիական զինեալ ընդդիմութենէն «Ժապհաթ Նուսրա» խմբակը մերժեց Ատհայի տօնին առիթով Սուրիոյ մէջ զինադադարը:
Մինչ այդ, ռուսական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Նիքոլայ Մաքարով յայտնեց, որ սուրիացի ընդդիմադիրները ուսէ արձակուող հակաօդային հրթիռային համակարգեր, ներառեալ` ամերիկեան «Սթինկըր»-ներ ստացած են:
Եգիպտական օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ իր օդանաւերուն դէպի Հալէպ թռիչքները կը դադրեցնէ` քաղաքին մէջ ապահովական կացութեան վատթարացման պատճառով:
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print




