Sunday May 26, 2013

Տաւութօղլու Կարծր Կերպով Արձագանգած Է Լաւրովի Յայտարարութեան

By adminx - Thu Oct 25, 7:25 am

«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կարծր կերպով արձագանգած է իր ռուս գործընկերոջ` Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան:

Լաւրով երեքշաբթի օր անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ պարտադիր կերպով էջք կատարած Մոսկուա-Դամասկոս թռիչք կատարող սուրիական ճամբորդատար օդանաւի միջադէպին, Թուրքիայէն պահանջած էր օդանաւէն յայտնաբերուած զինամթերքը ցուցադրել կամ յայտարարել, որ օդանաւին մէջ զինուորական բեռ չէ եղած:

Ի պատասխան Տաւութօղլու ըսած է. «Դուք, միջազգային օրէնքը խախտելով` մտածելով, որ չենք նկատեր ու «կը կլլենք», ճամբորդատար օդանաւով զինուորական բեռ կ՛ուղարկէք եւ կ՛ուզէք զայն մեր տարածքով անցընել: Մենք այդպիսի օդանաւի պիտի ստիպենք էջք կատարել»:

«Պիւկիւն» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ան յայտարարած է, որ պարտադիր կերպով էջք կատարած սուրիական օդանաւին մէջ յայտնաբերուածէն աւելի քիչը յայտնաբերուիլը արդէն օրէնքի խախտում է:

Տաւութօղլու նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու սկսելու վերաբերեալ Իսրայէլէն հնչած յայտարարութիւններուն:

«Իսրայէլ կը փորձէ այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծել, իբրեւ թէ պատրաստ է բանակցելու, իսկ Թուրքիան կը խուսափի: Իսրայէլ յանցաւոր է: Թուրքիան կը սպասէ, որ ան համապատասխան քայլերու ձեռնարկէ եւ սրբագրէ սխալը: Վերջին շրջանին այդ հաղորդագրութիւնները միայն մամուլով չեն: Երբ արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպում կ՛ունենամ, անոնք Իսրայէլէն «պատգամ» կը փոխանցեն` նշելով, որ Իսրայէլը պատրաստ է յարաբերութիւններու բնականոնացումին: Եթէ պատրաստ էք, ուրեմն գիտէք, թէ ինչ պէտք է ընել», ըսած է ան:

 

Leave a Reply

Advertisement