Thursday Jun 20, 2013

Քաթարի Իշխանի Պատմական Այցելութենէն Մէկ Օր Ետք Իսրայէլ Կազան Կը Ռմբակոծէ

By adminx - Thu Oct 25, 7:24 am

Իսրայէլեան ուժեր Կազան օդային ռմբակոծումի ենթարկեցին` սպաննելով Համասի առնուազն չորս զինեալներ եւ վիրաւորելով ուրիշներ: «Հաարեց» հաղորդեց, որ Կազայէն Իսրայէլի դէմ առնուազն 50 հրթիռներ արձակուած են: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նաեւ հաղորդեցին, որ Աշքոլ բնակեցման վայրին մէջ իսրայէլացի սահմանապահ զինուոր մը սպաննուած է:

Իսրայէլեան ռմբակոծումը տեղի կ՛ունենայ Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին Կազա կատարած պատմական այցելութենէն ետք:

Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես Քաթարը ամբաստանեց «ահաբեկչութիւնը եւ Կազայէն իսրայէլեան բնակեցման վայրերուն դէմ հրթիռարձակումները» ֆինանսաւորելու յանցանքով: Ան իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ «պէտք չէ ձեռնածալ մնալ այն կացութեան նկատմամբ, որ Քաթարի իշխանը կը հասնի եւ դրամ ու վերաշինութեան խոստում կը թափէ, իսկ գործնականին մէջ, ինչպէս բոլորին յստակ է, դրամները ահաբեկչութիւնն ու հրթիռները կը ֆինանսաւորեն»: «Արգիլուած է ձեռքի մը արտօնել դրամ տալ, իսկ այլ ձեռքի մը` հրթիռ արձակել», յայտնեց Փերես:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք յայտնեց, որ «Թել Աւիւ Քաթարի իշխանին, Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի կամ այլ ղեկավարներու Կազա այցելութենէն չի մտահոգուիր»` աւելցնելով, որ «Համասը օրինականացնելը զինք (Իսրայէլը) չի հետաքրքրեր, զինք հետաքրքրողը հրթիռներու արձակումներու շարունակումն ու Կազայի ահաբեկչութեան արգելակումն է»:

Ան նշեց, որ ինք Կազայի մէջ ցամաքային գործողութեան մը ձեռնարկումը չի բացառեր` նշելով, որ «ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը կը շարունակուի եւ կարելի չէ զայն ոչնչացնել մէկ հարուածով»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին յայտարարեց, որ եթէ մագլցումը շարունակուի, Իսրայէլ պատրաստ է Կազայի դէմ ընդարձակ եւ խորացող զինուորական գործողութեան մը ձեռնարկելու:

 

 

Leave a Reply

Advertisement