Thursday May 23, 2013

Հալէպի Մէջ Վիրաւոր Մը` Արձակազէնի Փամփուշտով

By adminx - Thu Oct 25, 7:19 am

Երէկ «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ նշեց, թէ թէեւ Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանը առայժմ ռազմական գործողութեանց դաշտ չէ, սակայն անիկա կը մնայ գրեթէ ամայացած եւ մասամբ կազմալուծուած` մէկէ աւելի փողոցներ արձակազէններու փամփուշտներուն վտանգին տակ գտնուելու պատճառով:

Ժ. Ռէյիսեան այս ծիրին մէջ տեղեկացուց, որ «երէկ մէկէ աւելի քաղաքացիներ վիրաւորուեցան այդ փամփուշտներէն: Այդ քաղաքացիներէն մէկը մեր ազգակիցներէն Ղազար Ղազարեանն էր, որ իսկոյն հիւանդանոց փոխադրուելով յանձնուեցաւ բժշկական խնամքի` հաւանական վիրահատութեան անհրաժեշտութեամբ:

Մինչ այդ քաղաքի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ կը շարունակէ տիրել հանդարտ վիճակը:

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ ականուած ինքնաշարժներու պայթումի երեւոյթը աւելի յաճախակի դարձած է Դամասկոսի մօտ թէ հեռու արուարձաններուն եւ գիւղաքաղաքներուն մէջ:

Սուրիական լրատուութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Տումայի մէջ զինեալները հաւաքական ջարդ իրականացուցած են:

Լսուած են պատերազմական օդանաւերու հարուածներու ձայներ` մայրաքաղաքի մօտակայ Հարասթա շրջանին մէջ, ուր կը հակամարտին կառավարական ուժերը եւ զինեալ խմբակները:

Leave a Reply

Advertisement