Friday May 24, 2013

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Առողջութեան Պահպանում Եւ Բարելաւում Կեանքի Տեւողութեան Ընթացքին» Նիւթով Դասախօսութիւն

By adminx - Thu Oct 25, 7:16 am

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2012-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Առողջութեան պահպանում եւ բարելաւում կեանքի տեւողութեան ընթացքին» նիւթով, զոր ներկայացուց Մէյրի Արեւեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան նշեց, որ հոկտեմբեր – նոյեմբեր ամիսները Լիբանանի մէջ իբրեւ կուրծքի քաղցկեղի արշաւի ամիսներ յայտարարուած են: Ըստ վիճակագրութիւններու, Լիբանանի մէջ կուրծքի քաղցկեղը կանուխ կը յայտնուի` բաղդատած այլ երկիրներու: Հետեւաբար, իբրեւ նախազգուշական միջոցառում, մամոկրաֆիի  քննութեամբ կարելի կ՛ըլլայ կանխարգիլել ապագայի բարդութիւնները:

Մկրեան ներկայացուց օրուան դասախօս Մէյրի Արեւեանը, մասնագիտութեամբ հիւանդապահուհի, դասախօս` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի, ան բազմիցս մաս կազմած է ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ առողջապահական յանձնախումբին:

Մէյրի Արեւեան դասախօսութեան սկսաւ հարցումով մը` ուղղուած ներկաներուն, թէ ինչո՞ւ անհրաժեշտ է առողջութիւնը պահպանել եւ բարելաւել կեանքի ընթացքին: Լսելէ ետք ներկաներուն պատասխանները` ան թուեց առողջութիւնը բնորոշող ազդակները` հետեւեալ ձեւով:

ա- Առողջ կենցաղը,
բ- Մարդկային կենսաբանութիւնը,
գ- Միջավայրը,
դ- Առողջապահական ծառայութիւնները:

Խօսելով մարդկային կենսաբանութեան մասին` Արեւեան անդրադարձաւ այն բանին, թէ որքանով ժառանգած կրնանք ըլլալ ու հակամէտ ըլլալ տարբեր հիւանդութիւններու, քաղցկեղային, սրտանօթային, արեան գերճնշման եւ այլն: Հակառակ այն իրողութեան, թէ ինչ որ ստացած ենք մեր ծնողներէն չենք կրնար փոխել, բայց առողջ կենցաղով, միջավայրի մէջ ապրելով եւ առողջապահական ծառայութիւններէն օգտուելով, կրնանք առաջքը առնել կամ կանխարգիլել ժառանգաբար մեզի հասած բազմաթիւ հիւանդութիւններու:

Միջավայր ըսելով կը հասկնանք օդը, ջուրը եւ այլն: Բնութեան միջավայրէն անկախ կայ նաեւ ընկերային, հոգեկան, հոգե-ընկերային, մտային միջավայրերը, որոնք առնչուած են մեր շրջապատին հետ փոխյարաբերութեան: Որքանով մեր փոխյարաբերութիւնը մեր շրջապատին հետ համերաշխ ու ներդաշնակ կ՛ըլլայ , այդքան անիկա դրականօրէն կ՛ազդէ մեր կեանքի բարելաւման վրայ, բացատրեց դասախօսը:

Յաջորդ բաժինով Մէյրի Արեւեան խօսեցաւ առողջապահական ծառայութիւններու մասին եւ թէ ինչպէս կարելի է օգտուիլ անոնցմէ: Այս բաժինով ան յիշեց «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնն ու կեդրոնին ընծայած ընկերային, բժշկական, առողջապահական ծառայութիւնները, եւ թէ ինչպէ՛ս կարելի է լաւագոյնս օգտուիլ տուեալ սպասարկութիւններէն:

Խօսելով կենցաղի մասին` Մէյրի Արեւեան շեշտեց մարզանքի կարեւորութիւնը եւ յաջորդաբար ներկայացուց առողջ կենցաղի տուեալները.

1- Ֆիզիքական աշխատանք ( քալել, մարզանք, եւ այլն),
2- Առողջ սնունդ. հաւասարակշռուած սնունդ,
3- Հոգեմտային առողջութիւն,
4- Ոգելից ըմպելիներու չափաւոր գործածութիւն,
5- Դադրեցնել ծխախոտի գործածութիւնը:

Շարունակելով դասախօսը թուեց հիւանդութիւններու կանխարգիլման կամ առողջութեան պահպանման ծառայութիւնները:

1- Մօր եւ մանկան առողջութիւնը,
2- Սրտի եւ կաթուածներու կանխարգիլումը,
3- Քաղցկեղի կանխարգիլումը,
4- Շաքարախտի կանխարգիլումը եւ կանոնաւոր դարմանումը,
5- Վարակիչ հիւանդութիւններու կանխարգիլումը/ պատուաստները:
6- Հիւանդութիւններու կանուխ յայտնաբերում եւ կանուխ բուժում:

Ին՞չ պէտք է ընել հիւանդութիւնները կախարգիլելու ու բուժելու համար. դասախօսը յիշեց հետեւեալները.

1- Ակռաներու խնամքը,
2- Առողջութեան տարեկան քննութիւնները,

ա- Արեան ճարպեր
բ- Կշիռք
գ- Արեան ճարպեր
դ- Ապակեայ քննութիւն (Փափ Սմիր)
ե- Աղիքներու քննութիւն (Քոլոնոսքոփի)
զ- Կուրծքի քննութիւն (Մամոկրաֆի)
է- Ոսկորներու քննութիւն (Պոն տենսիթի)
ը- Ծխախոտի պատճառած հիւանդութիւններու քննութիւն (թոք, արիւն)
թ- Արտանօթային քննութիւններ
ժ- Շաքարախտի քննութիւն

Մէյրի Արեւեան եզրակացնելով ներկայացուց առողջութիւնը պահելու հիմնական միջոցները.

1- Պատուաստում կրիփի դէմ,
2- Կենսանիւթերու գործածութիւն,
3- Քալսիոմը,
4- Ասփիրինը,
5- Շատ քիչ քանակութեամբ աղի ու շաքարի գործածութիւնը:

Վերջին բաժինով դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն` տալով յաւելեալ բացատրութիւններ ու գիտելիքներ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement