Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին Մէջ Վերաբացում Հայ Կիներու Հոգեւոր Լսարանի
By adminx - Thu Oct 25, 7:14 am
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print
Երեքշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ վերաբացումը Հայ կիներու հոգեւոր լսարանի 13-րդ տարեշրջանին: Լսարանին բացման ներկայ էին շուրջ հարիւր կիներ եւ օրիորդներ:
Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած սոյն լսարանը այս տարուան համար նկատի ունեցած է` աստուածաշնչական, քրիստոնէական, եկեղեցագիտական եւ բարոյագիտական բնոյթ ունեցող նիւթեր: Հոգեւոր խորհրդածութիւնները պիտի ներկայացուին միաբան հայրերու կողմէ: Լսարանի ընթացքին խորհրդածութիւններու կողքին պիտի կատարուի նաեւ սաղմոսերգութիւն, աղօթասացութիւն եւ շարականի ուսուցում` առաջնորդութեամբ լսարանի պատասխանատու հայր սուրբերուն:
Յայտնենք, որ ամէն տարի ութ ամիսներու վրայ տարածուած կիներու յատուկ հոգեւոր լսարաններ կը կազմակերպուին կաթողիկոսարանին կողմէ:
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print



