Thursday Jun 20, 2013

Փորձ-Հարցարան. Ինչպիսի՞ Գնող Մըն Էք

By adminx - Thu Oct 25, 5:32 am

Բոլորս ալ օրական գնում կ՛ընենք, սակայն ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞սը անձէ անձ կը տարբերի: Պատասխանեցէք փորձ-հարցարանին, ապա կարդացէք արդիւնքը` իմանալու համար, թէ դուք ինչպիսի՞ գնող մըն էք:

1

Ապրանք մը աւելի դիւրին կը գնէք, եթէ`

ա.- Որակաւոր վաճառանիշի պիտակ մը կը կրէ:
բ.- Նորութիւն է:
գ.- Բնապահպանման ապահովութիւններ կը ներկայացնէ:
դ.- Անոր ծանուցումը` պատկերասփիւռէն, տպաւորած է ձեզ:
ե.- Ձեր բարեկամուհիները յանձնարարած են զայն:

2

Ձեր կեցուածքը` վաճառող օրիորդներէն.

ա.- Խոյս կու տաք անոնցմէ:
բ.- Դարաններու բոլոր ապրանքները վար առնել կու տաք եւ վերջաւորութեան, առանց գնելու, կը մեկնիք:
գ.- Կը նեղանաք, երբ անոնք ձեր շուրջը կը դառնան:
դ.- Ձեր հարցումներով կը զզուեցնէք զանոնք:
ե.- Կը կասկածիք անոնց անկեղծութենէն:

3

Երբ դրամական դժուարութեան մատնուած էք, կը հրաժարիք`

ա.- Հագուստեղէն գնելէ:
բ.- Տան ապրանք գնելէ:
գ.- Ինքնաշարժ գնելէ:
դ.- Ճաշարան, թատրոն երթալէ:
ե.- Արձակուրդի երթալէ:

4

Գնումի համար կը նախընտրէք երթալ`

ա.- Աժան խանութները:
բ.- Շատ տեսականի ունեցող խանութները:
գ.- Ամէն բան լաւ ցուցադրուած խանութները:
դ.- Ձեր վարժուած խանութները:
ե.- Կողովներու մէջ յարմար գինով ապրանքներ ցուցադրող խանութները:

5

Ձեր ծնողները առաջին հերթին ձեզի սորվեցուցած են`

ա.- Լաւ աշխատիլ, լաւ արհեստի մը տիրանալու համար:
բ.- Ընել ինչ որ ձեր կամքը կ՛ուզէ:
գ.- Յարգել բարոյական որոշ սկզբունքներ:
դ.- Քաղաքավար ըլլալ:
ե.- Կեանքի մէջ ինքնաբաւ եւ ճարպիկ ըլլալ:

6

Ծորակէն հոսող ջուրը…

ա.- Լաւագոյն խմիչքն է:
բ.- Շատ կը մսխէք:
գ.- Ճիգ կը թափէք զայն չմսխելու համար:
դ.- Երբեք չէք խմեր անկէ:
ե.- Մաքրութեան չափանիշներուն չի համապատասխաներ:

7

Ի՞նչ կ՛ընէք, եթէ վիճակահանութեան մեծ պարգեւը շահիք:

ա.- Ձեր զաւակներուն կ՛օգնէք:
բ.- Կը ճամբորդէք:
գ.- Մաս մը կը նուիրէք մարդասիրական նպատակի մը:
դ.- Տուն մը կը գնէք:
ե.- Ինքնաշարժ մը կը գնէք:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, խանդավառ գնող մը չէք. ձեր գնումի կառքին մէջ կը գտնենք հիմնականը, ոչ մէկ աւելորդ ապրանք: Նորութիւնները փորձութեան չեն տանիր ձեզ, ոչ ալ` ծանուցումները: Գնումը հաճոյքէ աւելի պարտականութիւն է, եւ եթէ նոյն ապրանքը տարբեր վաճառանիշներով եւ ծրարներով ներկայացուած է, համեմատելու եւ յարմարագոյնը ընտրելու ժամանակ եւ տրամադրութիւն չունիք, կը նախընտրէք ձգել, մեկնիլ: Ահա թէ ինչո՛ւ հանրախանութներէն աւելի` կը նախընտրէք «մինի մարքեթ»-ները, ուր ընտրութիւնը աւելի դիւրին եւ արագ է:

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, գնումը ձեզի համար հաճոյք է, կը սիրէք ծախսել ձեր հաճոյքին համար: Ծանուցումները եւ գեղեցիկ ծրարուած ապրանքները անտարբեր չեն ձգեր ձեզ: Յաճախ ձեր կարողութիւններէն աւելի կը ծախսէք եւ խենթութիւններ կ՛ընէք: Փորձութեան չերթալու դիւրին միջոց մը. գնումի մեկնելու ատեն ձեր դրամապանակին մէջ որոշ գումարէ մը աւելի մի՛ վերցնէք:

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, գնումի ժամանակ կը գնէք անհրաժեշտ, բայց նաեւ` որակաւորը: Կը զգուշանաք մսխումէ եւ յաճախ կը մտածէք աշխարհի սնունդէ զրկուած միլիոնաւոր երեխաներուն մասին: Նախապատուութիւնը կու տաք այն արտադրութիւններուն, որոնք ներդրում ունին մարդասիրական կամ կենսոլորտի պահպանման նպատակներուն: Պատրաստ էք քիչ մը աւելի սուղ  վճարելու «բնական», «կանաչ», «պիօ» եւ վերամշակելի ապրանք գնելու համար:

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «դ» է, ձեզի համար «բոլոր առեւտրականները գող են», եւ թէ` դուք անոնց զոհն էք: Ընդհանրապէս կը յաճախէք նոյն խանութները եւ հաւատարիմ կը մնաք որոշ վաճառանիշով ապրանքներու: Առաջին իսկ վայրկեանէն գնող չէք, քանի մը տեղ կ՛այցելէք, գիները կը համեմատէք եւ ձեր ժամանակը առնելով` ընտրութիւն կ՛ընէք:

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ե» է, խնայողասէր, արթուն եւ կազմակերպուած միտքով գնող էք: Երբ մեծ գնումներ պիտի ընէք, կը սպասէք զեղչ-վաճառքի շրջանը, նաեւ ծանօթ էք քաղաքի ծակ ու ծուկին եւ գիտէք յարմար գինով որակաւոր ապրանք ծախող խանութներուն հասցէները: Ի վերջին կը գնէք որակաւորը` յարմարագոյն գինով եւ կը զարմացնէք բոլորը:

 

Անհրաժեշտ Է Իմանալ

Տան Մէջ Գործածուող Կարգ
Մը Իրեր Վտանգաւոր Են

1

ԱԾԵԼԻՆ պէտք է օգտագործուի մէկ անձի կողմէ: Քերթուածքի պարագային, արիւնի միջոցով ամէնէն աննշան հիւանդութիւն անգամ կը փոխանցուի: Հետեւաբար տան մէջ իւրաքանչիւր անձ պէտք է ունենայ ի՛ր ածելին:

2

ՇՐԹՆԵՐԿ ԵՒ ԱՉՔԵՐՈՒ ՍՏՈՒԵՐԱՆԵՐԿ

Շրթներկը արագ միջոց է հերփես կոչուած հիւանդութեան փոխանցման: Երբ շրթներկ պիտի գնէք, երբե՛ք չգործածէք որպէս էշանթիոն դրուած նմուշը, զոր գործածած եւ փորձած են հարիւրաւոր յաճախորդներ: Նոյնպէս ալ տան մէջ խուսափեցէք քանի մը հոգիով նոյն շրթներկը գործածելէ:

Ստուերաներկը նոյնպէս շատ արագ կը փոխանցէ գերզգայնական հիւանդութիւնները: Աչքի բորբոքումները կանխարգիլելու համար թելադրելի է, որ տան մէջ իւրաքանչիւր անձ ունենայ ի՛ր ստուերաներկը:

3

ԱԿՌԱՅԻ ԽՈԶԱՆԱԿը նոյնպէս պէտք է ըլլայ անհատական, անոր միջոցով նոյնպէս կը փոխանցուին բազմաթիւ հիւանդութիւններ:

 

 

4

ՄԱԶԻ ԽՈԶԱՆԱԿին միջոցով կը փոխանցուին մաշկային հիւանդութիւններ: Այս պատճառով ալ շատ ուշադիր պէտք է ըլլանք թէ՛ վարսայարդարին մօտ եւ թէ՛ տունը:

5

ԿՕՇԻԿի միջոցով կը փոխանցուին սնկային հիւանդութիւններ, հետեւաբար կօշիկ, յատկապէս մարզական կօշիկ փոխանակելը լաւ գաղափար չէ:

 

 

6

ԵՐԵՍԻ ԵՒ ԼՈԳԱՆՔի սրբիչները եւս պէտք է ըլլան անհատական: Ընտանիքի անդամներէն իւրաքանչիւրը պէտք է ունենայ ի՛ր սրբիչը եւ զանոնք պէտք է փոխել ու լուալ իւրաքանչիւր գործածութենէ ետք: Մանաւանդ` պէտք չէ զանոնք խոնաւ եւ գոց տեղ պահել:

 

Խոհագիր

Խնձորով Ամերիկեան Փայ

Բաղադրութիւն

Խմորը

- 1 գաւաթ կարագի բոյրով քրիսքօ իւղ
- 2 2/3 գաւաթ ալիւր
- 1/2 թէյի դգալ աղ
- 7-8 ապուրի դգալ սառով պաղ ջուր
- 1 հաւկիթի դեղնուց

Խնձորով միջուկ

- 1/2 – 3/4 գաւաթ շաքար
- 1/3 գաւաթ ալիւր (all purpose flour)
- 1/2 թէյի դգալ փոշի մշկընկոյզ (նաթմեկ)
- 1 թէյի դգալ կասիա (տարչին)
- 9 միջակ դեղին խնձոր` կեղուըուած եւ մանրուած
- 3 ապուրի դգալ կարագ
- 1/4 թէյի դգալ աղ

Խմորի պատրաստութիւն

1-. Դնել ալիւրը եւ քրիսքօ իւղը ելեկտրամեքենային մէջ, աւելցնել աղը եւ զարնել, մինչեւ որ մանր մասնիկներու վերածուի:

2.- Սրսկել ջուրը` 1 ապուրի դգալ իւրաքանչիւր անգամ, ստանալու համար խոնաւ խմոր մը: Խմորը չոր ըլլալու պարագային, 1-2 թէյի դգալ ջուր եւս կարելի է աւելցնել: Խմորը գունդի վերածուելէն ետք կեցնել մեքենան, գնդակի ձեւ տալ խմորին եւ դնել թեթեւ ալիւրոտած ամանի մը մէջ ու ծածկել խոհանոցի անձեռոցով:

3.- Կիսել խմորը 2 գունդի, բանալ մէկ գունդը փայի յատուկ կաղապարին կամ փայրեքսին մէջ, ապա լեցնել խնձորով, ծածկել երեսը երկրորդ խմորի գունդով, ճեղքեր բանալ խմորին վրայ դանակին սուր ծայրովը: Եփել փուռին մէջ 40-45 վայրկեան, կամ` մինչեւ որ պատեանը սրճագոյն դառնայ եւ պղպջակներ սկսին ելլել խմորին ճեղքերէն:

Միջուկի պատրաստութիւն

Խառնել շաքարը, ալիւրը, մշկընկոյզը եւ կասիան խորունկ ամանի մը մէջ, աւելցնել խնձորը եւ դնել փայի պատեանին վրայ:Տեղ-տեղ մարկարին իւղ կամ կարագ դնել եւ ծածկել խմորին երկրորդ պատեանով, ապա վրձինով հաւկիթի դեղնուց քսել վրան ու եփել նախապէս տաքցուած փուռին մէջ 425օ F/ 220օ C= թիւ 6 ջերմութեամբ:

 

Շաբթուան
Բանաստեղծութիւնը

Նո՛յն վայրկեանին,
Ես յիշեցի յանկարծ, որ առաւօտ կանուխ
Բեռնամեքենայով ձիեր էին տանում,
Հասկանո՞ւմ էք, ա՛յս,
Չէ՞ք հասկանում:
Այո՜, ձիե՜ր`
Նրա՜նց,
Որ բիւրաւոր դարեր
Իրենց մէջք ու թամբով ամէ՜ն ինչ են տարել,
Ողջ մարդկային ցեղի պատմութիւնը կրե՛լ,
Իրենց սմբակներով պատմութիւնն այդ գրե՜լ,
Նրա փոշին սրբել իրենց պոչո՛վ:
Ահա նրանք, այո՛, բեռ են դարձել հիմա
Այս քո փռշտացող մեքենայի համար,
Որ եւ այսօր, խնդրե՜մ, քո դարաւոր
Փոխադրականդ է փոխադըրում…

Բեռնամեքենայի թափքում` ձիե՜ր,
Վախից կծի՛կ դարձած, դողդողացո՜ղ ձիեր,
Ամէն շրջադարձի ու կեռմանի վրայ
Մե՛զ պէս (մարդո՜ւ նման) ճկուո՛ղ-թեքուո՜ղ,
Մե՛զ պէս (եւ աւելի՜) զգուշացո՜ղ ձիեր…
Ես ձեզ այդ վիճակից ինչպէ՞ս հանեմ, ձիե՛ր:
Լացըս զսպեմ ու ձեր… ցա՜ւը տանեմ, ձիե՛ր…
Եւ իմ ներսում,
Որտեղ պարապութիւնն արդէն
Իր պիւռոսեան տխուր յաղթանակն էր տօնում`
Տեսնելով իր գլխին մի կեղծ դափնեպսակ,
Իսկ իր չորսբոլորքում` ստոյգ դիեր,-
Նո՛յն իմ ներսում հիմա, այս վայրկեանից,
Վրնջում են ձիե՜ր,
Խրխնջում են ձիե՜ր,
Դոփո՛ւմ,
Բերաններից կրա՜կ թափում
Ձիե՜ր…
Ձիե՜ր,
Այսքան ձիե՞ր…

Եւ ոտներըս, իբրեւ իւրատեսակ «մեղայ»,
Ինձ կտրում են փափուկ մահճակալից,
Տանում-նստեցնում են ա՛յն աթոռին չորուկ,
Որի առաջ կայ մի… տանջուած գրասեղան:
Տանում-նստեցնում են այդ աթոռին չորուկ,
Որպէսզի… ե՜ս հիմա ձիեր տեղափոխեմ,
Ձիեր տեղափոխեմ ի՛մ միջոցով-ձե՛ր մէջ,
Որ խրխնջան նաեւ ձե՛ր մէջ ձիեր,
Որ վրնջան նաեւ ձե՛ր մէջ ձիեր,
Դոփո՜ղ,
Բերաններից կրա՜կ թափող
Ձիե՛ր…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

(Հատուած)

Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

Leave a Reply

Advertisement