50 Տարի Առաջ ( 25 Հոկտեմբեր 1962 )
By adminx - Thu Oct 25, 5:31 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստան
Երեւանի Աղի Հանքերը
Բնութեան մէջ շատ աղեր կան: Այսուհանդերձ, ժողովուրդը աղ ըսելով` կը հասկնայ կերակուրին աղը, որ բաղկացած է այնպիսի տարրերէ, որոնք առանձինն վնասակար են կեանքին համար: Մինչդեռ յայտնի է, թէ առանց կերակուրի աղին` կարելի չէ ապրիլ: Հազիւ եղած է, թէ 1 տարուան ընթացքին ամէն մարդ կը գործածէ 7 քիլօ աղ: Աղին բնախօսական ազդեցութիւնը մարմնակազմին վրայ շատ մեծ է: Օրինակ, մարդուն արեան ամէն մէկ լիթրին մէջ կայ 9,45 կրամ աղ: Արեան մէջ աղին այս քանակութիւնը պէտք է մնայ կայուն, հակառակ պարագային` կը սկսին հիւանդութիւնները: Արիւնին մէջ գտնուող աղը կը կարգադրէ թէ՛ մարսողութիւնը եւ թէ՛ կազմին ջուրին սննդականոնը: Հաւանաբար շատեր չեն գիտեր, թէ աղը ծարաւցնելէ զատ, կը պաշտպանէ նաեւ մարմինը ծարաւութեան դէմ` դժուար դարձնելով ջուրին հեռացումը մարմինէն:
Բանջարեղէնները թթուեցնելու, միսը, ձուկը, պանիրը եւ այլ սննդամթերքներ փճացումէ պաշտպանելու, կաշին մշակելու եւ ցած ջերմաստիճաններ ստանալու համար աղին օգուտը, ի հարկէ, բոլորին ծանօթ է:
Սակայն աղին դերը չի սահմանափակուիր միայն ասով: Արդարեւ, աղը շատ կարեւոր հումք մըն է քիմիական արդիւնաբերութեան, յատկապէս` նատրաջուրի (սոտա), օճառի, ներկերու, քլորուկի (քլոր), պայթուցիկ նիւթերու, պարարտանիւթերու արտադրութեան, ինչպէս նաեւ` մետաղագործութեան, հիւսուածեղէնի եւ ժողովրդական տնտեսութեան միւս ճիւղերուն զարգացման պէտքերուն համար: Բաւական է ըսել, թէ կերակուրին աղը կ՛օգտագործուի 1500 տեսակ արտադրութիւններու մէջ:
Այս պատճառով հասկնալի կը դառնայ հայ գիտնականներուն ուրախութիւնը, երբ յայտնի դարձաւ, որ Երեւան նստած է աղի պաշարներով հարուստ հսկայական հանքի մը վրայ: Հետազօտութիւնները ցոյց տուին, որ աղահանքը կը սկսի Արագածի ստորոտէն (Եղուարդէն), կը հասնի մինչեւ Մհուր, կ՛իջնէ դէպի Աւան, Երեւանի տակէն անցնելով` դուրս կու գայ Արարատեան դաշտավայրին մէջ եւ կը տարածուի մինչեւ Հոկտեմբերեան: Երկրաբանները այս աղահանքը բաժնած են երկու մասի` Աւանի եւ Արարատեան դաշտի տեղամասերու: Առ այժմ պիտի օգտագործուի Աւանի աղահանքը: Ասոր աղի պաշարը աւելի քան 26 միլիոն թոն է, որ կը գտնուի երկրին մակերեսէն 200-600 մեթր ցած: Աւանին աղահանքը պիտի տեւէ մօտ երեսուն տարի:
Երեւանի աղահանքին շահագործումը, բնականաբար, կը յարուցանէ ծանրակշիռ հարց մը, այն է, թէ չի՞ փլիր արդեօք երկրին կեղեւին այն մասը, որուն վրայ շինուած է Երեւան, երբ աղը հանելէ ետք անոր տակ պարապութիւն մը գոյանայ: Երկրաբանները «Ոչ» կը պատասխանեն, քանի որ, կ՛ըսեն անոնք, աղահանքին նկուղներուն առանցքներուն կը մնան 14 մեթր լայնութեամբ աղի երկար շերտեր, որոնք իրենց վրայ պիտի վերցնեն վերի շերտերուն ամբողջ ծանրութիւնը: Այս 14 մեթրնոց շերտերը պիտի կատարեն տունի մը շէնքին սիւներուն դերը: Իսկ բացուած նկուղները, հետագային, կարելի է օգտագործել իբրեւ մթերանոց` գինիի կամ կազի համար:
Աւանին աղը բարձր որակի է եւ կը պարունակէ 98.2 առ հարիւր զուտ աղ:
Երգիծանքըղ
Երկաթէ Վարագոյրի Ետին
Խորհրդային հնագիտական արշաւախումբ մը Եգիպտոսի մէջ մոմիա մը գտաւ եւ սակայն չկրցաւ որոշել մոմիային տարիքը: Արշաւախումբին ընկերակցող գաղտնի ոստիկան մը մէկ կողմ հրեց գիտնականները եւ մինակը մտաւ գերեզմանէն ներս: Գաղտնի ոստիկանը դուրս եկաւ երկու ժամ վերջ:
- Մոմիան,- ըսաւ աշխուժութեամբ,- 3056 տարեկան է:
Գիտնականները ապշած մնալով` հարցուցին գաղտնի ոստիկանին.
- Ինչպէ՞ս կրցար հասկնալ մոմիային տարիքը:
- Շատ պարզ կերպով,- պատասխանեց չեկիստը: – Մոմիան ինք խոստովանեցաւ:
*
* *
ՓԵԹՐՈՎ.- Ձայնասփիւռէն ամէն օր կը լսեմ, թէ մեծամեծ քանակութիւններով կաթ, կարագ ու միս կ՛արտադրենք, եւ սակայն սառնարանս միշտ կը մնայ դատարկ, ի՞նչ ընելու եմ:
ԻՎԱՆՈՎ.- Սառնարանիդ ելեկտրական կոճակը հանէ եւ ձայնասփիւռիդ վրայ տեղաւորէ, ձայնասփիւռէն ըսածներովը ձայնասփիւռդ կը լեցուի…:
*
* *
Ռուս զբօսաշրջիկ մը` Փոփով անունով, Լեհաստան գնաց եւ անկէ ղրկեց բացիկ մը` «Բարեւներ ազատ Մոսկուայէն» գրելով բացիկին վրայ:
Փոփովէն երկրորդ բացիկ մը եկաւ Չեխոսլովաքիայէն, անոր ետին գրուած էր.- «Ողջոյններ ազատ Փրակայէն», գրուած էր այս բացիկի ետին:
Ապա բացիկ մը ղրկեց Հունգարիայէն, ասոր ետին եւս ըստ սովորութեան գրուած էր.- «Սիրալիր բարեւներ ազատ Պուտափեշտէն»:
Փոփովին ղրկած վերջին բացիկը եկաւ Վիեննայէն, ասոր ետին գրուած էր. «Բարեւներ եւ ողջոյններ ազատ Փոփովէն»:
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print



