Tuesday May 21, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Thu Oct 25, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Առողջութիւնը շատ կարեւոր է, լաւ գիտէք, բայց եթէ փոքր հարց մը ունենաք, անկարեւոր մի՛ նկատէք, ուշադրութեամբ հետեւեցէք անոր:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Խրատները եւ խորհուրդները, զորս պիտի տրուին ձեզի, շատ կարեւոր են եւ արժէք ունին, հետեւաբար լաւ միտք պահեցէք զանոնք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ուշադիր եղէք երկխօսութեան մը պահուն, յամառութեամբ մի՛ մօտենաք հարցին, մնացէք հանդարտ, լսեցէք ուրիշներուն կարծիքը: Խոհեմ եղէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Փորձառութիւնը կը պահանջէ ըլլալ նախաձեռնող եւ առաջին քայլը առնող, եւ ոչ` ենթարկուող կամ հետեւող: Ճանչցէք դուք ձեզ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր տնտեսութեան, ձեր պիւտճէին նկատմամբ պէտք է ըլլաք ուշադիր, որպէսզի անհամ անակնկալ մը ձեզ չզարմացնէ եւ չյուսահատեցնէ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պէտք է կատարէք դրամական ներդրում մը, եթէ նոյնիսկ ձեր այս ըրածը բարկացնէ ձեր շուրջինները: Հետեւեցէք ձեր ներքին ձայնին, ոչ ուրիշին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ճնշուած տրամադրութիւն մը ունիք, ինչ որ անհաճոյ տրամադրութիւն կը ստեղծէ ձեր շուրջիններուն համար: Սթափեցէք, որովհետեւ անիմաստ է ձեր կեցուածքը: Իմաստութեամբ շարժեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ կ՛ուզէք դուրս գալ օրուան միօրինակութենէն, զբաղեցէք մշակութային գործերով, արուեստով: Կրնաք ստեղծագործել, արտայայտել ձեր տաղանդը, ձեր շնորհը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի կարենաք մոռնալ անցեալի վատ յիշատակները, պիտի բուժէք ձեր ստացած վիրաւորանքները: Ներկայ օրերը ձեռնտու են, օգտուեցէք առիթէն:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի հանդիպիք անձերու, որոնք պիտի օգնեն ձեզի տարբեր ձեւերով: Օրը պիտի ընթանայ հաճելի անակնկալներով: Մնացէք ուրախ եւ յուսալի:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ օրուան աշխատանքները լաւ չեն ընթանար, փոխեցէք ձեր աշխատելու ձեւը, արագ շարժեցէք, առանց մանրամասնութիւնները նկատի առնելու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ունիք շատ կարեւոր դեր մը` օրուան հարցերը կարգադրելու, տալով ձեր տեսակէտը: Արտայայտեցէք ձեր տեսակէտը բարձրաձայն, պիտի լսեն ձեզ: Մի՛ պահէք ձեր ըսելիքները:

Leave a Reply

Advertisement