Յայտարարութիւններ ( 24 Հոկտեմբեր 2012 )
By adminx - Wed Oct 24, 6:30 am
- 0 Comments
- 327 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
Օրդ. Անուշ Քէհէեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Շահէ եւ Մելինէ Քէհէեան եւ զաւակները` Սեւակ եւ Վիգէն (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Սիլվա Եկենեան եւ զաւակները` Թամար եւ Նարինէ (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Ֆրետի եւ Սալբի Մոնթանա եւ զաւակները` Նաթալի եւ Արիանա (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Յակոբ Քէհէեան (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Գրիգոր Քէհէեան եւ դուստրը` Հեղինէ
Տիկին Աղաւնի Թիւթիւնճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Սեփեթճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Անգինէ Սթիլեան եւ զաւակունք
Քէհէեան եւ Թիւթիւնճեան ընտանիքներ
Եկենեան եւ Մոնթանա ընտանիքներ
Սեփեթճեան եւ Սթիլեան ընտանիքներ
Նագգաշեան եւ Ֆարհաթ ընտանիքներ
Քիւսպէքեան եւ Աւետիքեան ընտանիքներ
Մելքիսէթեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՅԱԿՈԲ ՔԷՀԷԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1921-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 13 հոկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` չորեքշաբթի 24 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Օրենճ Քաունթի Սանթա Անա, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Սանթա Անայի գերեզմանատան մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Միհրան Յակոբ Խտըրլարեան եւ զաւակը` Յակոբ
Տէր եւ տիկին Շանթ եւ Ժաքլին Եփրեմեան
Տիկին Սառա Յարութիւնեան
Տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Զեփիւռ Խտըրլարեան
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Թաժ Խտըրլարեան
Տեարք Սագօ, Ներսէս, Խաչիկ Խտըրլարեաններ
Տէր եւ տիկին Սագօ եւ Լիզա Յարութիւնեան
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Վարդուկ Յարութիւնեան
Տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Այտա Կարապետեան
Տէր եւ տիկին Սամուէլ եւ Հռիփ Սարգիսեան
Խտըրլարեան եւ Յարութիւնեան ընտանիքներ
Եփրեմեան եւ Կարապետեան ընտանիքներ
Սարգիսեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, զոքանչին, աղջկան, քրոջ եւ հարազատին`
ՍԵԴԱ ՊԱՐԳԵՒ ԽՏԸՐԼԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ, 1966-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբերին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Գրումեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սերժ Գրումեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արտաշէս եւ Լենա Մարտիրոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արամ եւ Սիւզի Պոսնոյեան եւ զաւակունք
Տիկին Ժոզեֆին Ժոզեֆ Ապաճեան եւ ընտանիք
Անժել Պզտիկեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Ժոզեֆին Պիլեզիքճեան եւ ընտանիք
Տիկին Մարիժան Յակոբ Ապուտուրեան եւ ընտանիք
Գրումեան եւ Ապաճեան ընտանիքներ
Գոչալք եւ Մարտիրեան ընտանիքներ
Պոսնոյեան եւ Մուժալլի ընտանիքներ
Պզտիկեան եւ Պիլեզիքճեան ընտանիքներ
Ապուտուրեան եւ Պուչաքճեան ընտանիքներ
Սարգիսեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԼՈՒԻԶ ԳՐՈՒՄԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Ապաճեան)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի հինգշաբթի, 25 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 26 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ շաբաթ, 27 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, նոյն վայրին մէջ:
————————————————————————————–
«ԱՐՑԱԽ» ՖՈՆՏ
Արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»-ի «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին`
Ազգային մը դէպի Արցախ շրջապտոյտէն խանդավառուած` 600$
————————————————————————————–
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՄՏԵՐՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ
ՌՈՒԲԷՆ ՀԱԽՎԵՐՏԵԱՆԻՆ
ԵՒ ԻՐ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «White Tower» «Արարատ» սրահին մէջ:
- Բաց խմիչք:
- Սահմանափակ թիւով տոմսեր, սակ` 50,000 լիբ. ոսկի
Տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնել 70-646092 թիւին:
————————————————————————————–
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՄԸ
Ձեզ կը հրաւիրէ
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ
Նիւթ`
«ԴՊՐՈՑԻՆ ԴԵՐԸ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ՔԱՂԱՔԱՑԻ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼՈՒ
ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»
(Անգլերէնով)
Դասախօս`
ԴՈԿՏ. ՅԱԿՈԲ Ա. ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
(Կրթութեան ամպիոն-Հայկազեան Համալսարան)
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, Քանթարի, Պէյրութ:
————————————————————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Խմբագիր եւ լրագրող ՄԱՆՈՒԷԼ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2012-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————————————————————-
Կազմակերպութեամբ` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի
«Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին
25 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ
ԳԻՒՄՐԻԻ «ՏԻՐԱՄԱՅՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ»
ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
————————————————————————————-
ԱՇՃԵԱՆ ԹՈՒՐԶ
Անմիջական ծախու են Երեւանէն 16 քմ հեռու գտնուող մայրուղիի վրայ, մէկը` աջ կողմը, միւսը` ձախ կողմը, երկու կտոր հողաշերտ` 7500 եւ 7400 քառ. մեթր` կալուածաթուղթով (թափուով):
Հետաքրքրուողներ կրնան տեսնել հողակտորները Դիմատետրի («Ֆէյս սպուք») վրայ, Accout: Tours Ashjian, անմիջականօրէն ձեր անունին արձանագրելով:
Տարբեր շրջաններու մէջ եւս ունինք հողակտորներ եւ պատրաստ տիւփլքես» նոր տուներ 1-2-3 սենեակնոց` 90,000 տոլարէն սկսեալ:
Կ՛ապահովենք պանդոկներ շատ յարմար գիներով:
Հեռ. 01/261177, 01/240654 եւ 03/233978
Email: Ashjiantours@hotmail.com
————————————————————————————–
ԱՇՃԵԱՆ ԹՈՒՐԶ
ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ
1-11 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻրենց տեսակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով բացառիկ շրջապտոյտ եւ ուխտագնացութիւններ` Հայաստան, Ծաղկաձոր, Ախալքալաք, Ախալցխա, Կարս, Մուշ, Սասուն, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացման 2-րդ տարեդարձին առիթով ներկայ գտնուիլ Ս. պատարագին, Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ աւերակներ, Վան քաղաք, Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցի, Վարագայ վանք, Պայազիտ քաղաք, Կարսի բերդ, Ս. Առաքելոց եկեղեցի, Երեւանի մէջ լման պտոյտներով, Ա. կարգի պանդոկներ, նախաճաշ եւ ընթրիք, Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութ օդանաւով, Արեւմտեան Հայաստան մինի պասով, գին փոխան 1450 տոլարի միայն 1050 տոլար:
Արձանագրութեան համար դիմել
հեռ. 01-261177, 03-233978:
————————————————————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Printkom ընկերութիւնը կարիքը ունի Պիզնըս Ատմինիսթրէյշըն ճիւղը աւարտած օրիորդի մը: Հետաքրքրուողները կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ն ղրկել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին. Kanekour@dm.net.lb
————————————————————————————–
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ
Այնճարի մէջ, 825 քառ. մեթր: Դիմել` հեռ. 03-275740:
————————————————————————————–
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Հարպոյեան Սանթըր, Պլոք C, 160 քառ. մեթր, 6-րդ յարկ: Հեռ. 03-620032 կամ 76-174726:
————————————————————————————–
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Արագածի շրջան, 100 քառ. մեթր, 4-րդ յարկ, վերանորոգուած: Դիմել` հեռ. 70-373494:
————————————————————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Կանացի հագուստի գործատեղի մը կարիքը ունի փորձառու վարպետ վերակացուի կամ վերակացուհիի: Դիմել` հեռ. 01-260975:
————————————————————————————–
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Եոլանտ Ճոմպալաքեանի մահուան առիթով` օրդ. Ովսաննա Իզմիրլեան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կը նուիրէ 50,000 լ. ո.:
————————————————————————————–
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
ԵՒ
ԱՐԱՐԱՏ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
————————————————————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ
14 Նոյեմբեր 2012
21 Նոյեմբեր 2012
18 Դեկտեմբեր 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւն
ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆԻ ՕՐ
20 հոկտեմբեր, 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 նոյեմբեր, 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն
30 նոյեմբեր 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 327 views
- Tweet
Email
Print



