Wednesday May 22, 2013

Հեծելարշաւ. Լենս Արմսթրոնկէն Խլուեցան Անոր Տիտղոսները

By adminx - Wed Oct 24, 6:01 am

Պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով` միջազգային հեծելարշաւի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ ցմահ որակազրկուած ամերիկացի հեծելանւորդ Լենս Արմսթրոնկէն խլուեցան անոր բոլոր տիտղոսները:

41 տարեկան Արմսթրոնկ, որ արդէն իսկ լքած էր իր արհեստավարժ ասպարէզը, ամբաստանուեցաւ խթանիչ դեղեր գործածած ըլլալու յանցանքով:

Այսպիսով, եօթը անգամ (1999-էն 2005) Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին (ծանօթ` «Թուր տը Ֆրանս» անունով) տիտղոսին տիրացած Արմսթրոնկէն կը խլուին անոր շահած բոլոր տիտղոսները:

Նշենք, որ ամերիկացին հայր է հինգ զաւակներու:

 

Leave a Reply

Advertisement