«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Յաղթեց Սելթիքի` Մրցումին Վերջին Վայրկեանին
By adminx - Wed Oct 24, 5:56 am
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, որ այժմ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, երէկ գիշեր կատարուեցան ութ ճակատումներ` Ե., Զ., Է. եւ Ը. խմբակներուն մէջ:
Պարսելոնա քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ մրցումին վերջին վայրկեանին Սելթիքի դէմ տեղի ունեցած մրցումին նշանակեց իր յաղթանակի կոլը (2-1)` շնորհիւ Ալպայի նշանակած կոլին: 45-րդ վայրկեանին Ինիեսթա նշանակած էր Պարսայի հաւասարութեան կոլը:
Շախտիոր Տոնեցք 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Չելսին, շնորհիւ Թէյիքսէյրայի (3-րդ) եւ Ֆեռնանտինիոյի (52-րդ) նշանակած կոլերուն:
Եուվենթուս ոչ համոզիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Նորտսժայելընտի դաշտին վրայ իր կատարած մրցումին:
Պայէրն Միւնիխ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լիլի դաշտէն, երբ Միւլըր փենալթիով նշանակեց գերմանական կազմին եւ մրցումին միակ կոլը:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ` 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պրական: Հեռնանտեզ (25-րդ եւ 75-րդ) եւ Իվընզ (62-րդ) նշանակեցին Եունայթըտի կոլերը:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ե. ԽՄԲԱԿ
Նորտսժայելընտ – Եուվենթուս 1-1
Շախտիոր Տոնեցք – Չելսի 2-1
Զ. ԽՄԲԱԿ
ՊԱԹԷ Պորիսով – Վալենսիա 0-3
Լիլ – Պայէրն Միւնիխ 0-1
Է. ԽՄԲԱԿ
Սպարտակ Մոսկուա – Պենֆիքա 2-1
Պարսելոնա – Սելթիք 2-1
Ը. ԽՄԲԱԿ
Կալաթասարայ – Քլիւժ 1-1
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պրակա 3-2
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
Ա. ԽՄԲԱԿ
Փորթօ – Տինամօ Քիեւ 21:45
Տինամօ Զաղրեպ – Փարիզ Սեն Ժերմեն 21:45
Բ. ԽՄԲԱԿ
Արսենալ – Շալքէ 21:45
Մոնփելիէ – Օլիմփիաքոս 21:45
Գ. ԽՄԲԱԿ
Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ – Անտըրլեխթ 19:00
Մալակա – Ա. Սէ. Միլան 21:45
Դ. ԽՄԲԱԿ
Այաքս Ամսթերտամ – Մանչեսթըր Սիթի 21:45
Պորուսիա Տորթմունտ – Ռէալ Մատրիտ 21:45
Ստորեւ` դասաւորումը
Ե. ԽՄԲԱԿ ԿԷՏ
1.- Շախտիոր Տոնեցք 7 (5-2)
2.- Չելսի 4 (7-4)
3.- Եուվենթուս 3 (4-4)
4.- Նորտսժայելընտ 1 (1-7)
Զ. ԽՄԲԱԿ
1.- Վալենսիա 6 (6-2)
2.- ՊԱԹԷ Պորիսով 6 (6-5)
3.- Պայէրն Միւնիխ 6 (4-4)
4.- Լիլ 0 (1-6)
Է. ԽՄԲԱԿ
1.- Պարսելոնա 9 (7-3)
2.- Սելթիք 4 (4-4)
3.- Սպարտակ Մոսկուա 3 (6-7)
4.- Պենֆիքա 1 (1-4)
Ը. ԽՄԲԱԿ
1.- Մանչ. Եունայթըտ 9 (6-3)
2.- Քլիւժ 4 (4-3)
3.- Պրակա 3 (4-5)
4.- Կալաթասարայ 1 (1-4)
Այսօրուան Մրցումները
Ինչ կը վերաբերի այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն, Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող Փորթօ, որ ապահոված է առաւելագոյն երեք կէտը, պիտի հիւրընկալէ Տինամօ Քիեւը:
Ուքրանական խումբերուն դէմ իր կատարած ութ մրցումներէն վեցին անիկա յաղթած է` կրելով միայն պարտութիւն մը:
Այս մրցումը կարեւոր պիտի ըլլայ Տինամօ Քիեւի 37 տարեկան բերդապահ Ալեքսանտր Շովքովսքիի համար, որ իր ակումբին հետ պիտի կատարէ եւրոպական մրցաշարքերու իր 120-րդ մրցումը: Ցարդ միայն 12 մարզիկներ ակումբի մը հետ կատարած են աւելի քան 120 մրցում:
Երկրորդ մրցումին, Տինամօ Զաղրեպ պիտի հիւրընկալէ Փարիզ Սեն Ժերմենը: Անոնք առաջին անգամ ըլլալով իրարու դէմ յանդիման կու գան:
Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալ, որ արձանագրած է երկու յաղթանակ, պիտի հիւրընկալէ Շալքէն: Երկու խումբերուն միջեւ ցարդ տեղի ունեցած երկու մրցումներուն իւրաքանչիւր խումբ արձանագրած է մէկական յաղթանակ:
Իր դաշտին վրայ ցարդ տեղի ունեցած եւրոպական 16 մրցումներուն ընթացքին Արսենալ պարտութիւն չէ կրած` արձանագրելով 14 յաղթանակ, իսկ այս մրցաշարքին գծով, անիկա գերմանական խումբերէն չէ պարտուած` արձանագրելով 4 յաղթանակ:
Երկրորդ մրցումը առաջին անգամ ըլլալով իրարու դէմ պիտի հանէ Մոնփելիէն եւ Օլիմփիաքոսը:
Գ. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող Մալակա, որ ապահոված է առաւելագոյն վեց կէտը, կարեւոր փորձաքարի մը պիտի զարնուի այսօր, երբ առաջին անգամ ըլլալով ճակատի Ա. Սէ. Միլանի դէմ:
Եթէ պատահի, որ Ա. Սէ. Միլան նշանակէ երեք կոլէ աւելի, եւրոպական մրցաշարքերուն ընթացքին պիտի հասնի 400 կոլի սահմանը, բան մը, որ ցարդ իրագործած են միայն Ռէալ Մատրիտ, Պայէրն Միւնիխ, Պարսելոնա եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին գծով իր կատարած վերջին եօթը մրցումներուն ընթացքին, Ա. Սէ. Միլան ձախողած է յաղթանակ արձանագրել սպանական խումբերուն դէմ:
Վերջապէս, Դ. խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող եւ երկու յաղթանակ արձանագրած Ռէալ Մատրիտ հիւրը պիտի ըլլայ Պորուսիա Տորթմունտի:
Անոնց միջեւ ցարդ տեղի ունեցած չորս մրցումներուն երկուքին յաղթանակ արձանագրած է Ռէալ Մատրիտ, մինչ միւս երկուքը աւարտած են հաւասարութեամբ:
Ատկէ բացի, սպանական խումբերուն դէմ իր կատարած եօթը մրցումներուն ընթացքին, Տորթմունտ չէ յաջողած յաղթանակ արձանագրել` կրելով 4 պարտութիւն:
Մնալով նոյն խմբակին մէջ, կարեւոր մրցումի մը ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով իրարու դէմ պիտի ճակատին Այաքս Ամսթերտամ եւ Մանչեսթըր Սիթի:
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print





