Ճատրակ. Ամերիկեան Ախոյեանութիւն. Սեւակ Մխիթարեան Հանդիսացաւ 8-րդ
By adminx - Wed Oct 24, 5:54 am
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print
Պրազիլահայ կրանտմասթըր Սեւակ Մխիթարեան բաւական լաւ արդիւնք արձանագրելով եւ առաւելագոյն 11 կէտէն 8 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 8-րդ Ամերիկեան ցամաքամասային ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Մար տել Փլաթայի մէջ (Արժանթին):
Տիտղոսին տիրացաւ Խուլիօ Կրանտա Զունիկա (Փերու), որ միայն կէս կէտի առաւելութեամբ գերազանցեց Մխիթարեանը եւ վեց ուրիշներ, որոնք ապահովեցին 8-ական կէտ, կը յայտնէ Armchess.am:
ՀԱՅՐԵՆԻ երկու կրանտմասթըրներ Գէորգ Յարութիւնեան եւ Դաւիթ Պետրոսեան, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Նակփուրի մէջ (Հնդկաստան) տեղի ունեցող միջազգային մրցաշարքի մը, 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք այժմ ապահոված են 6,5-ական կէտ եւ կը բաժնեն 12-13-րդ դիրքերը:
Զիաուր Ռահման (Պանկլատեշ) այժմ 7,5 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, կը յայտնէ Armchess.am:
Մրցաշարքին աւարտին մնացած է երկու հանգրուան միայն, իսկ անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 168 ճատրակ խաղացողներ:
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print




