Sunday May 26, 2013

Հայաստանի Կառավարութիւնը Արդարացուած Չի Նկատեր Նուազագոյն Աշխատավարձի Բարձրացման ՀՅԴ-ի Տարբերակը

By adminx - Wed Oct 24, 7:47 am

Հայաստանի կառավարութիւնը դէմ է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ Աղուան Վարդանեանի, Արմէն Ռուստամեանի, Արծուիկ Մինասեանի, Վահան Յովհաննիսեանի եւ Արմէն Բաբայեանի ներկայացուցած «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» Հայաստանի օրէնքի նախագիծին, որով կ՛առաջարկուի 2013-ին նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացնել 36, 2014-ին` 30, իսկ 2015-ին` 15 առ հարիւրով: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքը` նշելով, որ այս մասին հարցը ընդգրկուած է գործադիրի 25 հոկտեմբերի նիստի օրակարգին մէջ:

Հայաստանի կառավարութիւնը կը կարծէ, որ նախագիծով առաջարկուող նուազագոյն աշխատավարձերու աճի նման բարձր ընթացքը նոյնիսկ պիտի գերազանցէ տնտեսութեան հաւանական առաւելագոյն արտադրողականութեան աճի եւ գնաճի գումարային ընթացքը (8-10 առ հարիւր): Այդ պարագային, ըստ գործադիրին, կրնայ կտրուկ բարձրանալ գործազրկութեան մակարդակը` յատկապէս արտադրողականութեան ցած մակարդակ ունեցող տնտեսութեան ճիւղերուն մէջ կամ կրնայ աւելնալ աշխատողներու չարձանագրուելու դէպքերուն աճը:

«Բացի ատկէ, արտադրողականութեան համեմատ աշխատավարձերու աւելի բարձր կշռոյթով աճը պիտի յանգեցնէ գնաճի յաւելման», նշուած է գործադիրի հիմնաւորման մէջ:

Leave a Reply

Advertisement