Նալբանդեան. «Ազրպէյճանի Մէջ Տպաւորութիւն Ստեղծուած Է, Որ Միջպետական Յարաբերութիւններուն Մէջ Ալ Ամէն Ինչ Կը Գնուի Եւ Կը Վաճառուի»
By adminx - Wed Oct 24, 7:46 am
- 0 Comments
- 126 views
- Tweet
Email
Print
22-26 հոկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան կ՛այցելէ Մեքսիքա, Կուաթեմալա եւ Քոսթա Ռիքա, ուր հանդիպումներ կ՛ունենայ այդ երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ:
Մեքսիքոյի մէջ, Էդուարդ Նալբանդեան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին դասախօսութեամբ հանդէս եկած է Մեքսիքայի արտաքին յարաբերութիւններու քարտուղարութեան Դիւանագիտական ուսումնասիրութիւններու Մատիաս Ռոմերոյի անուան ուսումնարանին մէջ, ուր ներկայ եղած են Մեքսիքոյի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, փորձագէտներ, լրագրողներ, դասախօսներ եւ ուսանողներ: Ելոյթէն ետք նախարարը պատասխանած է ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:
Նախարար Նալբանդեան նշած է. «Կաշառակերութեան հարուստ փորձ ունենալով երկրին մէջ` Պաքուն կը փորձէ զայն տեղափոխել միջպետական յարաբերութիւններու հարթութիւն, օգտագործելով զայն իբրեւ գործիք` սեփական թիւրընկալումները ուրիշներուն վրայ բարդելու նպատակով: Ցաւօք, որոշ երկիրներու մէջ քաղաքական որոշ գործիչներ կ’իյնան Ազրպէյճանի թակարդը, տկարութիւն կը ցուցաբերեն, չեն կրնար դիմանալ Պաքուէն եկող կաշառակերութեան գայթակղութիւնններուն: Ներքին փորձէն մեկնելով, Ազրպէյճանի մէջ տպաւորութիւն ստեղծուած է, որ միջպետական յարաբերութիւններու մէջ ալ ամէն ինչ կարելի է գնել եւ վաճառել»:
Արձագանգելով ներկաներու հնչեցուցած դժգոհութեան` Մեքսիքոյի մէջ Ազրպէյճանի նախկին նախագահի եւ այսպէս կոչուած Խոջալուի յուշարձաններու տեղադրման առնչութեամբ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է. «Թէ՛ Մեքսիքոյի, թէ՛ աշխարհի տարածքին արձագանգները միանշանակ են, անոր անդրադարձած են մարդու իրաւունքներով զբաղող փորձագէտներ, յառաջատար լրատուամիջոցներ, ինչպէս` «Սի. Էն. Էն.»-ը, «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը, «Պի. Պի. Սի.»-ն, «Ռոյթըրզ»-ը, ԱՖՓ-ն, «Թայմ»-ը, «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը, «Լոս Անճելըս Թայմզ»-ը եւ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը: Այս ցանկը կարելի է շատ երկար շարունակել, կրնամ ըսել, որ համակարծիք եմ արտայայտուած տեսակէտներուն:
«Ազրպէյճանի նախկին ղեկավարի յուշարձանի ցուցանակը կ’աւետէ, որ «Քա. Կէ. Պէ.»-ի նախկին պետը միջազգային խաղաղութեան նուիրուածութեան փայլուն օրինակ է, որ առաջնորդած է Ազրպէյճանը դէպի ժողովրդավարութիւն: Պատկերը ճշմարտութեան համապատասխանեցնելու նպատակով` ճիշդ պիտի ըլլար աւելցնել, որ մարդու իրաւունքներու տարբեր կառոյցներու կողմէ այդ երկիրը դասուած է աշխարհի ամէնէն կաշառակեր եւ հակաժողովրդավարական երկիրներու շարքին, որ այդ երկիրը դարձած է ուժի կիրառման սպառնալիքներու եւ պատերազմ հրահրելու աշխարհի ախոյեան»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ մամլոյ ասուլիսով հանդէս եկած է Մեքսիքոյի յառաջատար լրատուամիջոցներու առջեւ:
- 0 Comments
- 126 views
- Tweet
Email
Print



