Friday May 24, 2013

Բանակը Շարունակեց Մայրաքաղաքին Եւ Թրիփոլիի Մէջ Կայունութիւնը Վերահաստատել

By adminx - Wed Oct 24, 7:30 am

Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսեն շրջաններուն մէջ երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին զինեալ բախումներն ու արձակազինութիւնը սկսան:

Երկու ժամ ետք բանակը դիրքաւորուեցաւ վերոնշեալ երկու շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ շրջուն ջոկատներով հետապնդեց զինեալները այն շրջաններուն մէջ, ուրկէ կրակոցներ կը լսուէին:

Բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակին ջոկատները, որոնք տակաւին կը գտնուին զինեալ բախումներու շրջանին մէջ, շարունակեցին գործադրել իրենց ապահովական ծրագիրը, որուն նպատակն է ճնշում բանեցնել զինեալ երեւոյթներուն դէմ, վերջ տալ կրակոցներուն եւ բռնարարքներուն, ինչպէս նաեւ արգիլել քաղաքացիներուն ինչքերուն վնաս հասցնելու քայլերը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակին ջոկատները ներխուժած են Պէյրութ ու Թրիփոլի եւ երկու քաղաքներուն մէջ վերահաստատած են ապահովական կայունութիւնը:

Բանակը նախորդ երկու օրերուն ընթացքին ձերբակալած է շուրջ 100 հոգի, որոնցմէ 34-ը սուրիացիներ են եւ 4-ը` պաղեստինցիներ:

Բանակը անոնց մօտ գտած է եւ գրաւած գնդացիրներ եւ զինամթերք:

Բանակը նշեց, որ խուլիկաններուն հետ իր ունեցած բախումներուն պատճառով վիրաւորուած են 15 բանակայիններ, որոնցմէ երկուքը` սպաներ:

Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ռիֆաաթ Ալի Իտ շեշտեց, որ Ժապալ Մըհսեն կառչած կը մնայ լիբանանեան բանակի հրամանատարին որոշումին եւ բանակին հրամանատարութեան իր կատարած խոստումին, որուն հիման վրայ կուսակցութիւնը ինքնազսպումի կը դիմէ եւ մուտք չի գործեր սադրանքներու մէջ:

Իտ դիտել տուաւ, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է տարբեր պատասխանատուներու, քաղաքական, զինուորական եւ ապահովական անձնաւորութիւններու հետ եւ անոնց յայտնած է Ժապալ Մըհսենի մէջ տիրող կացութեան իրականութիւնը:

Իտ հաստատեց, որ իրենց հակառակորդ կողմը Պէյրութի մէջ իր գործած արարքով արդէն իսկ խայտառակուած է:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է ընդդիմանայ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն: Ան խստիւ դատապարտեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան քաղաքական շահագործումը:

 

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement