Ուիսամ Հասանը Թիրախ Դարձնող Պայթումին Մասին Հետաքննութիւնը Ընթացքի Մէջ Է
By adminx - Wed Oct 24, 7:26 am
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան հետաքննութեան մասնակցելու նպատակով ամերիկեան դաշնակցային գաղտնի սպասարկութեան` «Էֆ. Պի. Այ.»-ի խմբակ մը պիտի ժամանէ Լիբանան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հաստատեց, որ «Էֆ. Պի. Այ.»-ի խմբակին պարտականութիւնը կ՛իյնայ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կողմէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի տրուած խոստումին շրջագիծին մէջ:
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ ինք կը հասկնայ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան առիթով ժողովուրդին ընդվզումը` աւելցնելով, որ սպանութեան կապուած որոշ տուեալներ բացայայտուած են:
Ղոսըն մաղթեց, որ կարելի ըլլայ հետաքննութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ բացայայտել յանցագործները եւ պատժել զանոնք:
Պաշտպանութեան նախարարը հաստատեց, որ հետաքննութիւնը գաղտնօրէն կը կատարուի: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին առաքելութիւնն է պահպանել Լիբանանի քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան հետաքննութեան շրջագիծին մէջ շատ կարեւոր տուեալներ բացայայտուած են, սակայն անոնք գաղտնի պիտի պահուին` հետաքննութեան օժանդակելու նպատակով:
Իր կարգին, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ գաղտնի սպասարկութեան բաժանմունքները, ապահովական պատճառներով, անպայման իրենց բուն գրասենեակներուն մօտ գաղտնի գրասենեակներ կ՛ունենան եւ այդ գրասենեակները մերթ ընդ մերթ կը փոխուին: «Հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի գաղտնի գրասենեակը բացայայտուած էր եւ այդ մէկը ապահովական բացթողում կը նկատուի», ըսաւ Ռիֆի:
Նշենք, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վաւերացուցին Ուիսամ Հասանի սպանութեան թղթածրարը, որպէսզի զայն կարելի ըլլայ փոխանցել Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին:
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը Լիբանանի համար մեծ կորուստ է, որովհետեւ ան ապահովական բանալի անձնաւորութիւն մը եղած է:
Քարամէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ կառավարութիւնը տապալելու փորձերը նմանցուց «Ե՛լ, զիս տեղդ նստեցուր»-ի արշաւի մը: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան խորհրդանիշը նկատուող խաչերով, դրօշներով եւ Սուրիոյ յեղափոխութեան դրօշներով վարչապետարան մուտք գործելու փորձը ամօթի կնիք է այդ կոչը ուղղող կողմին պատմութեան մէջ:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր իրանեան եւ սուրիական վարչակարգերը ամբաստանեց Ուիսամ Հասանի սպանութեան յանցանքով` աւելցնելով, որ ոճրային այդ արարքը գործուած է Հըզպալլայի ձեռամբ:
Նախ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Ամմար Հուրի յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը կը մեղսակցի ոմանց` թիրախ դարձնելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքի երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասան նախապէս զգուշացուցած է զինք, թէ ինք եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն բոլոր ղեկավարները սպառնալիքի տակ կը գտնուին` ընդգծելով նախազգուշութիւններու ձեռնարկելու կարեւորութիւնը:
Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախկին նախագահ Պուրհան Ղալիուն յայտնեց, որ իրանցիներն ու Հըզպալլան սպաննած են հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանը` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի խորհուրդով:
ՆՇԵՆՔ, որ «Սաֆիր» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական հեղինակութենէ մը, հրապարակած է տեղեկութիւններ, թէ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին տեղեակ պահած էր Պէյրութ իր վերադարձին մասին:
- 0 Comments
- 30 views
- Tweet
Email
Print



