Սուրիա Իպրահիմիի Այցելութիւնը Յաջող Կը Նկատէ
By adminx - Wed Oct 24, 7:19 am
- 0 Comments
- 62 views
- Tweet
Email
Print
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ Լախտար Իպրահիմիի այցելութեան ընթացքին յոյս յայտնեց, որ շուտով Ատհայի տօնին առիթով զինադադարի հաստատման շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ` շեշտելով, որ «պէտք է այդ մէկը շուտով գոյացնենք»:
Ան ըսաւ, որ Իպրահիմիի «այցելութիւնը շատ տեղին ու յաջող էր, իսկ Իպրահիմիի հետ համագործակցութիւնը` անսահման»` աւելցնելով, որ «երկուքս ալ կը ջանանք Սուրիոյ, շրջանի եւ աշխարհի վրայ հանդարտութիւն, ապահովութիւն եւ կայունութիւն հաստատել, ուստի այդ պատճառով Իպրահիմի այս ջանքը կը թափէ` գործակցաբար առնչակից կողմերուն դադրեցնելու համար բռնարարքներն ու ահաբեկչութիւնը, իսկ մենք միշտ լաւատես ենք»:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան յայտնեց, որ Թուրքիա Իպրահիմիի` Սուրիոյ մէջ Ատհայի տօնին առիթով զինադադար հաստատելու ջանքերուն կը զօրակցի` աւելցնելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը եւս այդ ջանքերուն կը զօրակցի:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «ֆրանսական նախկին եւ ներկայ կառավարութիւնները Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական զինեալ աւազակախումբերուն տրամադրուած աջակցութեան միջոցով կը շարունակեն միջազգային օրէնքի բացայայտ մարտահրաւէր ուղղել»:
«ՌԻԱ նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղապահ գործողութիւններու հարցով տեղակալ Էվրէ Լատսուս երէկ յայտարարած է, որ ՄԱԿ կրնայ Սուրիա խաղաղապահներ ուղարկել, եթէ Ապահովութեան խորհուրդը այդպիսի որոշում մը որդեգրէ: «Մենք պատրաստ ենք գործելու, եթէ ատիկա անհրաժեշտ ըլլայ, եթէ այդպիսի լիազօրութիւն ստանանք», ըսած է Լատսուս:
Ան նշած է, որ պիտի քննարկուին տարբերակներ, թէ ի՛նչ «կարելի է ընել, որպէսզի ներդրում կատարուի անվտանգութեան ապահովման ծիրին մէջ կամ, կարելի է, քաղաքային անձերու պաշտպանութեան, սակայն տակաւին կանուխ է որեւէ տուեալներ տալու»:
Միւս կողմէ, յորդանանեան «Քիթապ ուա Սուննա» կազմակերպութիւնը, որ մարդասիրական օժանդակութիւն կը տրամադրէ, յայտարարեց, որ սուրիացի զայրացած գաղթականներ իրենց տրամադրուած քսան վրաններ հրկիզած են` իբրեւ բողոք հիւսիսային Յորդանանի մէջ Զաաթարի գաղթակայանին մէջ տիրող «վատ կացութեան»: Կազմակերպութիւնը աւելցուց, որ «դէպքը վիրաւորներ չպատճառեց եւ հրդեհը շուտով հակակշիռի տակ առնուեցաւ»` նշելով, որ «ոչ ոք ձերբակալուեցաւ»:
Լիբանանեան «Տիար» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութենէն սպաներ, որոնք ուղղակի կերպով նախագահ Վլատիմիր Փութինի կապուած են, Լիբանան ժամանեցին, կացութիւնը պիտի սերտեն եւ շարք մը կողմերու հետ կապ հաստատեն, ապա Թարթուսի մէջ ռուսական զօրակայան պիտի փոխադրուին:
- 0 Comments
- 62 views
- Tweet
Email
Print




