Thursday Jun 20, 2013

Ըստ Հարցախոյզի Մը Պատկերասփռուած 3-րդ Բանավէճին Յաղթականը Օպաման Է

By adminx - Wed Oct 24, 7:17 am

Պատկերասփռուած բանավէճէն պահ մը

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան դեմոկրատական թեկնածու, գործող նախագահ Պարաք Օպամա պատկերասփռուած երրորդ բանավէճին ընթացքին յաղթանակ արձանագրած է: Ըստ «Սի.Էն.Էն»-ի եւ «Օ.Ար.Սի.» ընկերութեան կատարած հարցախոյզին, ամերիկացի դիտողներուն 48 առ հարիւրը Օպամայի ելոյթը հաւնած են, իսկ 40 առ հարիւրը` հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնիի ելոյթը:

Երրորդ բանավէճը տեղի ունեցաւ Ֆլորիտա նահանգին մէջ, եւ հակառակ անոր որ անիկա նուիրուած էր արտաքին քաղաքականութեան, մրցակիցները բանավէճը փակեցին անդրադառնալով ամերիկեան տնտեսութեան վերաբերող հարցերու:

Յիշեցնենք, որ առաջին բանավէճին յաղթականը նկատուած էր Ռոմնին, իսկ երկրորդինը` Օպաման: Փոխնախագահներու պատկերասփռուած բանավէճին ընթացքին հանրապետական Փոլ Ռայըն դեմոկրատական Ճօ Պայտընի կողմէ պարտութեան մատնուած էր:

ԿլոպՍքան/ՓԻՓԱ ընկերութեան կողմէ 3 յուլիսի եւ 3 սեպտեմբերի միջեւ կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ Պարաք Օպամա օտար երկիրներու մէջ անհամեմատ աւելի ժողովրդականութիւն կը վայելէ, քան Ռոմնին:

21 երկիրներու մէջ 21,797 անձերու մասնակցութեամբ կատարուած հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ հարցախոյզի մասնակիցներուն շուրջ 50 առ հարիւրը կը զօրակցի Օպամայի, իսկ միայն 9 առ հարիւրը` Ռոմնիի:

Միայն Փաքիստանի բնակիչները յայտնած են, որ կը նախընտրեն 6 նոյեմբերի նախագահական ընտրութեան Ռոմնին յաղթական տեսնել: Օպամա ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն կը վայելէ Ֆրանսայի մէջ (72 առ հարիւր): Օպամայի պապենական հայրենիք Քենիոյ մէջ Ռոմնիի զօրակցութիւնը 18 առ հարիւր է, ինչ որ Փաքիստանէն ետք Ռոմնիի ժողովրդականութեան ապահոված ամէնէն բարձր համեմատութիւնն է:

Բանավէճի ընթացքին Ռոմնի Ուսամա Պըն Լատենի սպանութեան ակնարկելով յայտնեց, որ ահաբեկիչներու սպանութիւնը անոնց դէմ պայքարելու համար բաւարար չէ: Ան ըսաւ, որ Իրան Միացեալ Նահանգներու դիմագրաւած մեծագոյն սպառնալիքն է` աւելցնելով, որ զինուորական քայլը «Իրանի մէջ մեր վերջին ընտրանքն է»: Ան վստահեցուց, որ «Իսրայէլ մեզի հետ խորհրդակցելէ առաջ Իրանի վրայ յարձակում պիտի չգործէ»:

Ռոմնի շեշտեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն ձերբազատիլը անմիջական առաջնահերթութիւն է: Ան ցաւ յայտնեց Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուածութեան համար` նշելով, որ «պէտք է զինուորական գետնի վրայ Իսրայէլի կողքին կանգնինք»:

Օպամա հակադարձեց յայտնելով, որ «Իսրայէլ Միջին Արեւելքի մէջ մեր մեծագոյն դաշնակիցն է»` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլի կողքին պիտի կանգնին, եթէ վերջինս յարձակումի ենթարկուի: Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւնը վտանգաւոր քայլ է»` վստահեցնելով, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի օրերը հաշուըւած են եւ ան պէտք է հեռանայ»:

Խօսելով Եգիպտոսի մասին` Օպամա ըսաւ, որ «Եգիպտոս պէտք է Իսրայէլի հետ իր համաձայնութիւնները յարգէ»` շեշտելով, որ եգիպտական կառավարութիւնը պէտք է կրօնական փոքրամասնութիւնները պաշտպանէ:

Գործող նախագահը յայտարարեց, որ «այնքան ատեն որ ես նախագահ եմ, Իրան հիւլէական ռումբ պիտի չունենայ»:

Leave a Reply

Advertisement