Wednesday May 22, 2013

Քաթարի Իշխանը Կազա Այցելեց

By adminx - Wed Oct 24, 7:16 am

Շէյխ Համատ, Իսմայիլ Հանիէ եւ շէյխա Մոզա

Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանը առաջին արաբ ղեկավարը եղաւ, որ 2007-ին Կազայի Այսրյորդանանէն անջատումէն ետք շրջան կ՛այցելէ: Շէյխ Համատ Կազա մուտք գործեց Եգիպտոսէն եւ դիմաւորուեցաւ Համասի կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիէի կողմէ:

Շէյխ Համատ Կազայի վերաշինութեան համար 400 միլիոն տոլար խոստացած է: Քաթար Սուրիոյ հետ Համասի յարաբերութեանց վատթարացումէն եւ Իրանի հետ պաղ յարաբերութիւն տիրելէն ետք շարժումին գլխաւոր մեկենասին վերածուած է:

Հանիէ Քաթարի իշխանի ընդունելութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Երուսաղէմէն կամ պաղեստինեան հողերէն հողի հատիկ մը իսկ պիտի չզիջինք»: Ան ըսաւ, որ «Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի օրհնեալ եւ Պաղեստինի մէջ սերունդներու կողմէ յիշուելիք պատմական այցելութեան միջոցով ժողովուրդին շրջափակումին վրայ յաղթանակը կը յայտարարենք»` աւելցնելով, որ «այս այցելութեան յաջողութեան ետին քաթարական յանդուգն որոշումը կը կանգնի»` նշելով, որ «նախագահ Մոհամետ Մուրսին ներկայացնող կրթութեան նախարարին ճամբով Եգիպտոսի մասնակցութիւնը այցելութեան օրհնեալ մասնակցութեան փաստն է»: Ան նշեց, որ այդ այցելութիւնը տեղի պիտի չունենար, եթէ շրջափակման դէմ ժողովուրդին տոկունութիւնը, դիմադրութիւնը եւ զոհողութիւնը չըլլար: Ան յայտարարեց, որ իշխանը իր նուիրատուութիւնը կը բարձրացնէ աւելի քան 400 միլիոն տոլարի: Նշենք, որ նախապէս այդ գումարը 250 միլիոն տոլար էր:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լինոր պեն Տոր Դիմատետրի իր էջին վրայ հարց տուաւ, որ «Քաթարի իշխանը այս առիթը պիտի օգտագործէ՞ Համասը ոչ միայն Իսրայէլի, այլ նաեւ Ռամալլայի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան նկատմամբ գործնապաշտ եւ չափաւորական կեցուածքներ որդեգրելու մղելու»:

Ան մտավախութիւն յայտնեց, որ Քաթարի տրամադրած ֆինանսական օժանդակութիւնը Համասի կողմէ հրթիռներու ու զէնքերու շինութեան եւ Իսրայէլի դէմ ապարդիւն պայքարի համար օգտագործուի:

«Պի.Պի.Սի.» աւելի ուշ հաղորդեց, որ Քաթարի իշխանի Կազա այցելութեան յայտագիրին մնացեալ բաժինը «արտակարգ» պայմաններու պատճառով ջնջուած է:

 

Leave a Reply

Advertisement