Ռէյիսեան. «Հայկական Եկեղեցի Մը Չէ Հրկիզուած»
By adminx - Wed Oct 24, 7:14 am
- 0 Comments
- 247 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ «Ազդակ» կապ հաստատեց Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ յայտնեց, որ լրատուական կարգ մը միջոցներ հաղորդած էին, որ Նոր Գիւղի եւ Սիւլէյման Հալէպի շրջանին միջեւ գտնուող եկեղեցի մը հրդեհի տրուած է:
Ռէյիսեան ճշդեց, որ հոն գտնուող հայկական եկեղեցին Ս. Գէորգ եկեղեցին է, որ այս օրերուն յարձակումի չէ ենթարկուած, սակայն եկեղեցւոյ դիմաց յարկաբաժինի մը մէջ գտնուող մայրապետներու մատուռ մը վնասուած է հրդեհող ռումբի մը պատճառով, ինչ որ թիւրիմացաբար սխալ ներկայացուած է:
- 0 Comments
- 247 views
- Tweet
Email
Print



