Դիտարկում. Տիկին «L00k»-ը Եւ… Մարդասիրութիւնը
By adminx - Wed Oct 24, 5:42 am
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print
Անոնք, որոնք կը հետեւին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան, յատկապէս Միջին Արեւելքի, աւելի ճիշդ` Լիբանան-Սուրիա առանցքին, անմիջապէս անդրադառնալու են անոր ոլորապտոյտ կամ դարձդարձիկ ըլլալու տխրահռչակութեան:
Լիբանանի համայնքային տարանջատումները խորացնելէ եւ քաղաքական սուր բեւեռացումներու առաջնորդելէ ետք, ան կը փորձէ Սուրիան բզկտել, կտրատել եւ յօշոտել, առաջինի պարագային (ցա՞րդ) օգտագործելով տեղայնական ռազմավարութեան խաղաթուղթերը, երկրորդի պարագային` զինուորական ներքին եւ արտաքին լծակները:
Ո՞վ չի յիշեր, թէ սուրիական ուժերը ինչպէ՛ս եւ որո՛ւ պնդումով մտան Լիբանան:
Ամերիկան չէ՞ր ատոր հեղինակը, երբ յատենի նախագահ Հաֆէզ Ասատէն պահանջեց մուտք գործել եւ փրկել քրիստոնեաները, մինչ այս վերջինը, շուրջ հինգ ամիս յամեցաւ նախքան մուտք գործելը, մինչեւ միջազգային կողմերէ ունենայ անվերապահ համաձայնութիւն:
Նոյն Ամերիկան չէ՞ր, որ փորձեց Սուրիան իր կառքին լծել, սակայն, երբ չյաջողեցաւ, սպասեց «յարմար» պահուն, Սուրիան զոռով հանելու Լիբանանէն, մանաւանդ, որ պէտք էր «հատուցում» մը տալ Իսրայէլին` ի դէմս անոր պարտութեան Լիբանանի մէջ, 2000-ի ազատագրութեան օրերուն:
14 փետրուար 2005. Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութիւնը եղաւ ազդանշանը Ուաշինկթըն իր «վրէժ»-ը լուծելու` նախ, ապա` զայն ծունկի բերելու միջոցները փնտռելու, մանաւանդ որ, այսպէս ըսած, «գարնանային յեղափոխութեան» հովերը սկսած էին փչել` Թունուզէն սկսեալ:
Ամերիկեան վարչակարգը հակառակ իր հարուստ (՞) փորձառութեան, անսահման նիւթական միջոցներուն ու ռազմական կարելիութիւններուն` չկրցաւ տարրական հաշիւը ընելու, թէ Սուրիան արաբական այլ երկիրներու չի նմանիր:
Սակայն նիւթը այս չէ, այլ ամերիկեան վարչակարգին անընդունելի ու դատապարտելի վարքագիծն է, երբ, առանց խպնելու, հազարումէկ միջոցներով կը հրահրէ միջսուրիական հակամարտութիւններ, կը գրգռէ յարանուանական տրամադրութիւններ` իբր թէ յանո՜ւն Սուրիոյ ու սուրիացիներուն, մինչդեռ ըրածը բացարձակ վանտալիզմ ու ֆաշիզմ է:
Ուշագրաւ է, որ ան այս բոլորը կը կատարէ խիստ թափանցիկութեամբ ու բացխօսիկութեամբ, մինչ հանրային կարծիքը, միջպետական ու միջմարդկայնական մակարդակներով, կը զօրակցի անոր, իսկ ուրիշներ կը մնան լուռ:
Եթէ ամերիկեան կողմը, իրօք, նախանձախնդիր է Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածին, ի տես մարդկային զոհերուն, ապա ինչո՞ւ նոյն տրամադրուածութիւնը չցուցաբերեց (ու չի ցուցաբերեր) այն սպանդներուն, զորս ի՛նք գործադրեց Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ, ինչո՞ւ նոյն կեցուածքը չորդեգրեց (ու չ՛որդեգրեր) պաղեստինցիներուն եւ քիւրտերուն նկատմամբ, ինչո՞ւ չպոռթկաց (ու չի պոռթկար) Լիբանանի մէջ իսրայէլեան ոճիրներուն եւ ոտնձգութիւններուն դէմ:
Ամօթի մեծ մասը, այնուամենայնիւ, կ՛երթայ նաեւ եւրոպական եւ արաբական այն պետութիւններուն, որոնք ստորաբար ու ստրկաբար կը համակերպին ամերիկեան «տիքթէ»-ներուն, մէկը իր աններելի խնկարկութեամբ, միւսը` իր անարտօնելի դաւաճանութեամբ, պղծելով այն սկզբունքները, որոնց կը յաւակնին կառչիլ կամ կը փորձեն արդարանալ անոնցմով:
Զարմանալի է, որ այդպիսիներ չեն ճանչնար (կամ չեն ուզեր հասկնալ), թէ ամերիկեան քաղաքականութիւնը ինչպէ՛ս կը գործէ, կը շահարկէ՛, առիթներն ու պայմանները` յետոյ «ծախել»-ով իր բարեկամներն ու դաշնակիցները:
Կը պատմուի, թէ Լիբանանի հանրապետութեան նախկին նախագահ Քամիլ Շամուն, որ ծանօթ էր իր արեւմտամէտութեամբ, եւրոպամէտութեամբ եւ ամերիկամէտութեամբ, 1958-ին, ամերիկեան ռազմանաւային մարինզները Լիբանան հրաւիրեց, ամերիկացիներուն մասին հետեւեալ դիպուկ, այլապէս պատկերաւոր վկայութիւնը տուած է.
- Ամերիկացիներուն հետ նոյն վերելակը կ՛ելլես նոյն յարկը իջնելու համար, սակայն, մետասաներորդ պահուն, ուրիշ կոճակ մը կոխելով, քեզ կը լքեն քու բախտիդ:
Արդարեւ, պերճախօս պատկեր մը:
Ամերիկեան վարչակարգերը այդպէս եղած են, այդպէս ալ կը մնան:
Լաւագոյն վերջին ու թարմ օրինակը` Եգիպտոսի ամերիկապաշտ-բռնապաշտ նախագահը` Հիւսնի Մուպարաք, իր մահուան սնարին մօտ արդեօք կը զգա՞յ, կ՛ըմբռնէ՞, թէ յանուն իր մեծղի «ծառայութիւններուն»` ամերիկացիք ի՛նչ տուին իրեն, բացի… աքացիէ մը:
Այսօրուան իրավիճակը, հոս կամ հոն, ասոր կամ անոր հանդէպ, տարբեր կրնա՞յ ըլլալ, երբ Ամերիկա իր գերագոյն շահերէն անդին ոչի՜նչ կը տեսնէ, ոչի՜նչ կ՛ուզէ տեսնել, մինչ շատեր, ոմանք կոյրզկուրայն, ուրիշներ` դաւադրաբար, տակաւին կը փարին անոր, կը փռուին անոր առջեւ…
Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, որ բացարձակ անգէտ եւ անտեղեակ մըն է համաշխարհային բարդ ու խճճուած քաղաքականութենէն, բայց հլու-հնազանդն է ամերիկեան վարչակազմին, կը կարծէ, թէ իր անհաճոյ «look»-երով (իմա` վարսայարդարումներով) կրնայ տպաւորել աշխարհը, երբ ըրածը պարզապէս, թութակային յանկերգներով, ոճրագործութիւն է:
Հետաքրքրական է, եթէ տիկին «look»-ը այսքան ազդեցիկ եւ իրազեկ մըն է, նաեւ` մարդասէր (՞), անգամի մը համար թող դատապարտէ հրեան, որ մնայուն բռնաբարող ու բռնատէր է, ազերին, որ մնայուն նախայարձակ ու գողական է, թուրքը, որ մնայուն նուաճող ու զաւթող է:
Կրնա՞յ:
Ինչպէ՞ս պիտի կարենայ, երբ իրեն համար «look»-ութիւնը աւելի կարեւոր է, քան մարդկութիւնը` իր զանազան պատկանելիութիւններով:
Երանի (՞) չէր Քոնտոյին (Քոնտոլիզա Ռայսին, թէեւ ան ալ ուրիշ տեսակի «թոյն» մըն էր), որ գիտէր` ինչ կ՛ընէր (դաշնակ նուագելու կողքին), մինչ ասիկա «look-look» կը խաղայ:
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print



