«Հայոց Ցեղասպանութեան Ցաւը Կ՛արտայայտեմ Իմ Ձայնիս Մէջ». Սերժ Թանգեան
By adminx - Wed Oct 24, 5:36 am
- 0 Comments
- 17 views
- Tweet
Email
Print
«Նիուզ».- Ամերիկեան հեղինակաւոր «Հաֆինկթըն փոսթ» հանդէսը հրապարակած է աշխարհահռչակ հայ երաժիշտ Սերժ Թանգեանին հետ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ան խօսած է իր նոր ձայնասկաւառակին` «Հարաքիրի»-ի, «Սիսթըմ աֆ է տաուն»-ին հետ շրջագայութեան եւ իր ձայնին վրայ հայ ժողովուրդի դառն անցեալին ունեցած ազդեցութեան մասին:
«Երբ առաջին անգամ «Սիսթըմ աֆ է տաուն» ռոք-խումբը ներկայացուց իր անդրանիկ «հիթ»-ը, ակնյայտօրէն զգալի դարձաւ, որ անոնց երաժշտութիւնն ու զգացականութիւնը որոշ ձեւով այլ արմատներ ունին` այլ տեղէ մը հասնող: Սերժ Թանգեանի ձայնին մէջ «կ՛աղաղակէ» մշակութային պատմութիւնը, որ զուարճացնելէ բացի, նաեւ կը կրթէ: Կը կարծեմ, թէ շատ շատեր չէին գիտնար Հայոց ցեղասպանութեան մասին, եթէ գոյութիւն չունենար Թանգեանին աշխուժ գործունէութիւնը», նախաբանին մէջ գրած է լրագրող Էնտրիու Ֆիշը:
Երաժշտական ասպարէզին մասին խօսելով` լրագրողը անդրադարձած է Թանգեանի վերջին ձայնասկաւառակին, որուն մէջ` «երաժշտութեան միջոցով Թանգեան կը խօսի այնպիսի հրատապ նիւթերու մասին, ինչպէս` միջավայրի քայքայումը, իսրայէլեան-պաղեստինեան հակամարտութիւնը, իրապատում հաղորդումներով յագեցած պատկերասփիւռի կայանները եւ ամերիկեան ընկերութիւնը, որ կը ստեղծէ միջավայր մը, ուր մեծ ընկերութիւններ չափէն աւելի մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան երկրին մէջ տրուող քաղաքական որոշումներուն վրայ»:
Ձայնասկաւառակի վերնագիրի ընտրութեան իմաստով Թանգեանը «ներշնչած է» 2011-ին ձուկերու եւ թռչուններու զանգուածային վերացումը, զոր երաժիշտը կը բնութագրէ իբրեւ հարաքիրի:
«Սիսթըմ աֆ է տաուն»-ի հետ համաշխարհային շրջագայութեան մասին խօսելով` Թանգեան ժպիտով կ՛ըսէ, թէ չի գիտեր` ինչպէ՛ս տեղի ունեցած է ատիկա: Ան նշած է, որ միշտ կապի մէջ եղած է խումբի միւս անդամներուն հետ, եւ որ` իրենք բազմիցս միացեալ շրջագայութեան առաջարկներ ստացած են, սակայն իրենց ծրագիրներուն համադրումը դժուար եղած է: Վերջ ի վերջոյ բոլորը համաձայնած են միանալ եւ սկիզբը քանի մը ելոյթներ ունենալ Լոս Անճելըսի մէջ, սակայն այդ մէկը վերածուած է համաշխարհային շրջագայութեան:
Վերջաւորութեան լրագրողը Թանգեանին ուղղած է հետեւեալ հարցումը. «Ինծի համար միշտ հետաքրքրական եղած է այն, որ ձեր անցեալը ազդեցութիւն ունեցա՞ծ է ձայնիդ վրայ»:
«Կը կարծեմ, որ ձայնիս վրայ անցեալին ունեցած ազդեցութիւնը կ՛արտայայտուի մելամաղձոտութեամբ, ինչ որ, անշուշտ, բնորոշ է իմ ժողովուրդիս` հայ ժողովուրդին, որ 600 տարի շարունակ ապրած է Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ: Հայոց ցեղասպանութեան ցաւը եւս արտայայտուած է իմ ձայնիս մէջ: Ասիկա այնպիսի երեւոյթ է, որ շատ բարդ է բացատրելը», յայտնած է Թանգեան:
- 0 Comments
- 17 views
- Tweet
Email
Print



