Friday May 24, 2013

50 Տարի Առաջ ( 24 Հոկտեմբեր 1962 )

By adminx - Wed Oct 24, 5:31 am

Հայկական Կեանք

Կեսարիա Եւ Շրջանները Մնացին
Առանց
Քահանայի

Տ. Հայկազուն Կարապետեան Վերջնականապէս
Պոլիս
Կը Հաստատուի

Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին մէջ կը կարդանք.-

Կեսարիոյ ժրաջան հոգեւոր հովիւ Հայկազուն Ա. քհնյ. Կարապետեան անցեալ օր Պոլիս գալով` պատրիարք հօր ներկայացած եւ մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդած է գաւառի այն քաղաքներու հայ համայնքներուն մասին, որոնց այցելութեան ղրկուած էր վերջերս առժամաբար, ի շարս` Մովսէս եւ տ. Յարութիւն քահանաներուն:

Վաստակաւոր տէր հայրը, որ աւելի քան 25 տարի ամենայն պարտաճանաչութեամբ եւ անձնուիրաբար պաշտօնավարած է Կեսարիոյ մէջ եւ գնահատուած է Ազգային իշխանութիւններն ու ժողովուրդէն, այլեւս վերջնականապէս պիտի հաստատուի իր ընտանիքին, զաւակներուն ու թոռներուն մօտ եւ մաս պիտի կազմէ Պոլսոյ քահանայից դասուն, Կրօնական ժողովին որոշումով:

Կեսարիոյ եւ ուրիշ հայաբնակ տեղերու համար նորընծայացուներ կամ առժամեայ այցելու հոգեւոր հովիւներ պիտի նշանակուին:

Մկրտիչ Շելլեֆեան Պատրիարքին Մօտ

Պոլսոյ թերթերը կը գրեն.-

Պոլսոյ նախկին երեսփոխան Մկրտիչ Շելլեֆեան, որ քաղաքական դատապարտութենէն ազատ արձակուելէ ետք իրեն առաջին պարտականութիւն նկատեր էր այցելել պատրիարքի հողակոյտին, երէկ ժամը 17:30-ին, ընկերակցութեամբ Նորայր Պէրպէրեանի, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Շնորհք պատրիարք Գալուստեանին, որուն ընտրութենէն ետք, շնորհաւորելու առաջին առիթը կ՛ունենար այդպէսով:

Հիւրերը պատրիարք հօր հետ ունեցան տեսակցութիւն մը` զանազան հարցերու շուրջ եւ ապա հրաժեշտ առին եւ մեկնեցան պատրիարքարանէն:

 

Հայաստան

Պատարագ Օշականի Մէջ

Շաբաթ թարգմանիչ վարդապետներու` Մեսրոպի, Եղիշէի, Մովսէս Քերթողի, Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայի, Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Շնորհալիի յիշատակին հանդիսաւոր պատարագ մատուցուեցաւ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի վանքին մէջ:

Պատարագիչն էր Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ, Սերովբէ եպս. Մանուկեան: Արարողութիւններուն ներկայ էին Ամեն. հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա., եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, ազգային եկեղեցական ժողովի բոլոր պատգամաւորներն ու հիւրերը:

Այնուհետեւ հոգեւորական եւ աշխարհական պատգամաւորներն ու հիւրերը երկիւղածութեամբ այցելեցին հայ գիրերու ստեղծող Մ. Մաշտոցի դամբարանը:

 

Մարդիկ Ինչպէ՞ս Կը Զգան,
Որ
Ծերացած Են

Ինծի կը թուի, թէ սանդուխները շէնքերու մէջ այժմ աւելի ուղղաձիգ են, քան առաջ. սանդխամատերն ալ աւելի բարձր են եւ անոնց թիւը շատ աւելի շատ է. յամենայն դէպս այժմ անկարելի է ինծի համար երկու սանդխամատ մէկ անգամէն բարձրանալ. այս օրերս հազիւ թէ կրնամ անոնց իւրաքանչիւրը մէկ քայլափոխով բարձրանալ:

* * *

Նկատած եմ ուրիշ բան մըն ալ. այժմ թերթերու եւ գիրքերու մէջ բառերը աւելի մանր գիրերով կը տպագրեն: Երբ ես փորձեմ կարդալ զանոնք, անոնք աւելի եւ աւելի կը հեռանան ինձմէ, եւ ես կը ստիպուիմ աչքերս պզտիկցնել որպէսզի կարողանամ բառերը կարդալ: Անցեալ օր, հանրային հեռաձայնի կրպակէն կէս դուրս ելլելու ստիպուեցայ, որպէսզի կարողանամ կարդալ թիւը` դրամ ձգելու տուփին վրայ:

* * *

Ամէն ինչ հեռացած է այժմ, օրինակի համար` հեռաւորութիւնը մեր տունէն կայարան կրկնապատկուած է այժմ, եւ այդ ճամբուն վրայ աւելցուած է բլուր մը, զոր ես չէի նկատած նախապէս. կառաշարերն ալ աւելի շուտ ճամբայ կ՛ելլեն. այլեւս չեմ վազեր անոնց հասնելու համար, որովհետեւ ամէն անգամ, որ փորձուիմ այդպէս ընել, անոնք ալ աւելի շուտ ճամբայ կ՛ելլեն:

* * *

Հագուստի համար գործածուած ապրանքներն ալ փոխուած են այժմ. բոլոր հագուստներս միտում մը ունին կծկուելու մասնաւորաբար մէջքիս շուրջբոլորը, եւ կամ` տաբատիս նստատեղին, կօշիկիս կապերն ալ, կապելու եւ քակելու համար, պէտք է աւելի շատ ծռիմ եւ տքնիմ:

Մինչեւ իսկ օդը փոխուած է, ձմեռները աւելի ցուրտ են այժմ, եւ ամառներն ալ` աւելի տաք: Պիտի ուզէի փախչիլ ձմեռուան ցուրտէն եւ ամառուան տաքէն. սակայն օդափոխութեան վայրերը շատ հեռացած են այժմ: Ձիւնը աւելի ծանր է, երբ ուզեմ թիով ճամբայ բանալ բակին մէջ կամ փողոցի սալայատակին վրայ, օդահոսանքները աւելի սուր են, յայտնապէս անոր համար, որ պատուհանները այժմ տարբեր կերպով շինուած են:

* * *

Մարդիկ աւելի երիտասարդ են այժմ. վերջերս վերադարձայ այն դպրոցը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած էի 1923-ին, ներկայ ըլլալու հաամար դասընկերներուս մէկ հաւաքոյթին. ցնցուեցայ, ականատես ըլլալով, թէ ինչպէ՛ս երէկուան չոճուխները կ՛ընդունէին որպէս այսօրուան ուսանողներ: Սակայն կը թուի, թէ ատոնք աւելի քաղաքավար են, քան` նախկին օրերու ուսանողները. անոնցմէ մէկ քանին խօսեցան հետս` կոչելով զիս «տիար». մինչեւ իսկ մէկը հարցուց, թէ կրնա՞յ օգնել ինծի` փողոցին մէկ կողմէն միւս կողմը անցնելու համար:

* * *

Միւս կողմէ, տարիքովս մարդիկ ինձմէ աւելի ծերացած կ՛երեւին: Գիտակից եմ` թէ իմ ժամանակակից սերունդը կը մերձենայ իր միջին տարիքին, վերի վերոյ` 21-ի եւ 110-ի միջեւ ժամանակաշրջանը, սակայն ատիկա պատրուակ մը պէտք չէ նկատել, որպէսզի դասընկերներս ժամանակէն առաջ իրենց ծերութեան օրերը սկսին ապրիլ: Ես հանդիպեցայ իմ դասընկերներէն մէկուն. ան այնքան փոխուած էր, որ չճանչցաւ զիս:

Leave a Reply

Advertisement