Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Wed Oct 24, 5:30 am
- 0 Comments
- 99 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի ըլլաք քաջութեամբ եւ վճռակամութեամբ աշխատող անձ մը: Պիտի կարենաք իրագործել օրուան համար նախատեսած ձեր աշխատանքները:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ունիք լաւ բարեկամներ, կրնաք հաւատալ անոնց հաւատարմութեան ու շարունակել ձեր բարեկամութիւնը: Օրը ունի հաճելի հանդիպումներ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ունիք յստակ տեսիլք եւ աշխատանքային ծրագիր: Կը մնայ` զանոնք իրագործելու անցնիլ, որպէսզի ձգձգումը կրնայ մոռցնել տալ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յայտագրին վրայ կրնաք ունենալ փոքր ճամբորդութիւն մը կամ տեղափոխութիւն մը` անակնկալներով լեցուն: Այս ալ ունի իր օգուտը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր լաւատեսութիւնը ուժ կու տայ ձեզի: Օգտուեցէք ձեր այս տրամադրութենէն` իրագործելու համար յետաձգուած որոշումները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բանակցութիւն մը պիտի ունենաք հարցի մը վերաբերեալ, որ համաձայնագիր մը կրնայ ըլլալ: Կատարեցէք զայն առանց մտահոգուելու ժամանակի մասին: Հանդարտ մնացէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եռանդուն պիտի ըլլաք եւ պիտի կարենաք ձեւաւորել օրուան ձեր աշխատանքը ամենայն գոհունակութեամբ: Մնացէք իրատես եւ յոյսով կատարեցէք ձեզի վստահուած գործերը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ֆիզիքական առողջութիւնը պահպանելու համար կը մտածէք մարզանքի մասին, բայց երկմիտ էք: Որոշեցէք, կ՛օգտուիք: Օրը նպաստաւոր է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կ՛ուզէք ստանձնել խումբ մը առաջնորդողի պաշտօնը: Այս պաշտօնը արդէն կը յարմարի ձեր խառնուածքին, սիրով կատարեցէք զայն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արուեստի վերաբերեալ հետաքրքրութիւն ունիք, պիտի կատարէք լաւ աշխատանք` օգնութեամբը ձեր հարազատներուն եւ բարեկամներու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նորութիւն մը կատարելու եւ ստեղծագործական աշխատանք մը կատարելու փափաքը ունիք: Կատարեցէք, բայց` միշտ զգուշութեամբ, առանց աճապարելու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի կատարէք ուշագրաւ գործ մը` ամէնուն նայուածքները հրաւիրելով ձեր վրայ: Այս ձեռնարկը պիտի քաջալերէ ձեզ նիւթապէս եւ բարոյապէս:
- 0 Comments
- 99 views
- Tweet
Email
Print



