Thursday Jun 20, 2013

Լիբանանեան Բանակը Իր Հակակշիռին Տակ Կ՛առնէ Կացութիւնը Պէյրութի Եւ Թրիփոլիի Մէջ. Ապահովութեան Խորհուրդի Հինգ Մնայուն Անդամ Երկիրներու Դեսպանները Զօրակցութիւն Յայտնեցին Կառավարութեան

By adminx - Tue Oct 23, 7:44 am

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն` հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան լոյսին տակ Լիբանանի մէջ բռնկած զինեալ բախումները եւ մայրաքաղաքին թէ այլ շրջաններուն մէջ կիրակի երեկոյեան ծայր առած զինեալ երեւոյթները շարունակուեցան նաեւ երէկ` անապահովութիւն պարտադրելով ամէնուր:

Լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնող եւ կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող ամբողջ գիշերուան ընթացքին շարունակ տեղացող փամփուշտներուն տարափը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ:

Մուսթաքպալ հոսանքի զինեալները բանակին դէմ ամբողջ գիշերը կրակ բացին Քասքասի շրջանին մէջ:

Հըզպալլայի ապազինումը պահանջող Մուսթաքպալ հոսանքի զինեալները եւ արձակազէնները դիրքաւորուեցան Քասքասի ու Խաշըքժի մզկիթին մօտակայքը եւ Թարիք Ժտիտէի մէջ:

Լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ջոկատներ, որոնք երէկ ժամանեցին Շաթիլայի հրապարակ, աւելի քան երեք ժամ սպասելէ ետք ներխուժեցին Քասքաս եւ ձերբակալեցին բանակին դէմ կրակ բացող զինեալներ:

Մինչ բանակը ներխուժումներ կը կատարէր, մայրաքաղաք Պէյրութի փողոցները անջատուած էին իրարմէ, որովհետեւ մեծ թիւով երիտասարդներ հրկիզուող անիւներով փակած էին Մարզական աւանին, Քոռնիշ Մազրաայի, Սելիմ Սլամի փապուղիին եւ Քոլայի հրապարակին ճամբաները:

Բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ բանակը ձերբակալած է նաեւ պաղեստինցիներ, որոնք բանակին դէմ գնդացիրներով կրակ բացած են:

Շաթիլայի պաղեստինեան գաղթակայանը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ պաղեստինցի գաղթականներ կրակ բացած են բանակին դէմ:

Երէկ կէսօրէ ետք բանակը յաջողեցաւ Պէյրութի զանազան շրջաններուն մէջ տիրող խուլիկանութիւնները եւ զինեալ երեւոյթները իր հակակշիռին տակ առնել եւ օրինականութիւն պարտադրել զանազան շրջաններու մէջ` վերաբանալով մայրաքաղաքին ճամբաները, ուր զգուշաւոր մթնոլորտը մնաց տիրական մինչեւ ուշ գիշեր:

Նշենք, որ ամբողջ կէսօրէ ետք եւ գիշերուան ընթացքին, բանակը շրջուն ջոկատներով հսկողութիւն բանեցուց մայրաքաղաքին մէջ եւ հսկեց ապահովական կայունութեան:

Բանակը հաստատեց, որ ինք երկրին գործադիր իշխանութենէն ստացած է վճռակամ որոշում մը, որուն հիման վրայ ան որոշած է խիստ ըլլալ եւ առիթ չտալ խզելու երկրին ապահովական կայունութիւնը, յատկապէս արգիլելու զինեալ երեւոյթներն ու բախումները:

Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց, որ երկու օրերէ ի վեր ծայր առած ապահովական խախտումները այսուհետեւ վերջ պիտի գտնեն եւ ապահովական խիստ միջոցառումներու պիտի դիմուի` շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւն բանեցնելու համար:

Այս առումով երեկոյեան բանակին զրահապատները ուղղուեցան դէպի Թարիք Ժտիտէ, Քասքաս եւ Ժնահ` հսկելու համար այդ շրջանին ապահովութեան եւ երթեւեկի բնականոն ընթացքին:

Նշենք, որ բանակը ժամանակաւոր կերպով իր ներկայութիւնը պիտի պահէ այդ շրջաններուն մէջ, ապա աստիճանաբար պիտի հեռանայ այդ շրջաններէն:

«Ապահովութիւնը կարմիր գիծ է, արգիլուած է սպառնալ քաղաքացիական անվտանգութեան, արգիլուած է փակել ճամբաները, ինչպէս նաեւ բացարձակապէս արգիլուած է քաղաքացիներուն կեանքին վնաս հասցնել», հաստատեց բանակի հրամանատարութիւնը` աւելցնելով, որ բանակը իրաւունք ունի որեւէ ատեն ճնշելու ապահովութեան խախտումները:

Երեկոյեան պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ամբողջ Լիբանանին ապահովութեան կը հսկէ, եւ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն ընդդիմացող քաղաքացիներուն վերջ տալու իրենց որդեգրած քայլերուն, որովհետեւ այդ հաստատութիւններն են, որոնք կը գործեն, եւ անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ` օժանդակելու համար անոնց գործունէութեան:

Ղոսըն հաստատեց, որ բանակը դիրքաւորուած է հարաւային Լիբանանի եւ մայրաքաղաքին մէջ` աւելցնելով, որ բանակը հոն է, ուր իր կարիքը կը զգացուի:

«Ի՞նչ կը պատահէր նախանցեալ գիշեր, եթէ բանակը չըլլար», հարց տուաւ Ղոսըն:

Պաշտպանութեան նախարարը աւելցուց, որ բանակին մօտ կը գտնուին մայրաքաղաքին մէջ խուլիկանութիւններ գործած բոլոր յանցագործներուն անունները:

Միւս կողմէ, բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ երկրին ապահովութիւնը գործնական առումով կարմիր գիծ է` աւելցնելով, որ բանակը խիստ կերպով պիտի հակադարձէ երկրին ապահովութիւնը խախտողներուն:

Բանակի հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն զգուշ ըլլալու իրենց կատարած յայտարարութիւններուն եւ կեցուածքներուն մէջ եւ գրգռութիւններ չհրահրելու, որովհետեւ այդ յայտարարութիւնները կրնան սպառնալ Լիբանանի ճակատագիրին:

Նշենք, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Պէյրութի մէջ կատարեց շրջապտոյտ մը` ստուգելու համար բանակին տարբեր ստորաբաժանումները եւ անոնց դիրքաւորումը:

Զօր. Քահուաժի իր ցուցմունքները տուաւ նաեւ սադրանքներուն դէմ դնելու եւ օրինազանցներուն դէմ խիստ վարուելակերպ ցուցաբերելու` քաղաքական ի՛նչ կողմի որ ալ պատկանին անոնք:

Զօր. Քահուաժի դրուատեց բանակին դերակատարութիւնը` հակակշիռի տակ առնելու երկրին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը: Ան հաստատեց, որ բանակը ճիգ պիտի չխնայէ պահպանելու լիբանանցի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը եւ ապահովելու անոնց երթեւեկի եւ փոխադրութեան ազատութիւնը:

Թրիփոլիի Մէջ

Թրիփոլիի մէջ բանակը յաջողեցաւ մասնակի խաղաղութիւն պարտադրել Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի բախումնային շրջաններուն մէջ, ուր նախանցեալ երեկոյեան սկսած էին զինեալ բախումները եւ վերածուած փոխադարձ հրթիռարձակումի, որոնք պատճառած էին 8 զոհեր` 4 զոհ Պապ Թըպպանէի շրջանէն եւ 4 ուրիշներ Ժապալ Մըհսենէն, ինչպէս նաեւ արձանագրուած էր 35 վիրաւոր, որոնցմէ միայն 14-ը կարելի եղած էր փոխադրել հիւանդանոց:

Թրիփոլիի մէջ Ուիսամ Հասանի սպանութեան պատճառով տիրող լարուածութիւնը կը շարունակուի, քաղաքը վկայեց զինեալ բախումներ, որոնց միացան նաեւ արձակազէնները:

Զինեալ բախումներուն ընթացքին օգտագործուեցան նաեւ ծանր զէնքեր եւ «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետեր, ինչպէս նաեւ հրասանդեր:

Բանակը առաւօտեան Մալլուլէի հրապարակը փակեց` արձակազէններուն փամփուշտներէն հեռու պահելու համար քաղաքացիները: Բանակը ներխուժեց կարգ մը թաղեր, ուր կրցաւ ձերբակալել արձակազէններ, որոնց մէջ կը գտնուէին նաեւ ոչ արաբներ:

Բանակը հակակշիռի տակ առաւ նաեւ Ապտել Համիտ Քարամէի հրապարակը եւ անոր շրջակայքը անցարգելներ զետեղեց` ստուգելով Թրիփոլի մուտք գործող քաղաքացիներուն ինքնութիւնը եւ խուզարկելով անոնց ինքնաշարժները:

Բանակը խստացուց նաեւ Թրիփոլիի մէջ իր շրջուն ջոկատներուն հսկողութիւնը:

Պէտք է նշել, որ քաղաքացիական ընկերութեան գործիչներ, ընդառաջելով Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպիի կոչին, Թրիփոլիի մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի բնակարանին մօտ վրաններ լարեցին եւ բաց նստացոյց յայտարարեցին` պահանջելով քաղաքացիներէն լիբանանեան պետութեան իրենց տուրքերը` ելեկտրականութեան, ջուրի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու ծառայութեան վերաբերող, չվճարել:

Մերեհպի երեկոյեան կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ անկէ խնդրած չվերադառնայ Լիբանան, որովհետեւ անոր ապահովութիւն կարելի չէ տրամադրել:

Նշենք, որ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ պաշտպանութեան նախարար Ղոսընէն, որ հաստատեց, որ Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը հակակշիռի տակ պիտի առնուի` մերժելով ամէն տեսակի խուլիկանութիւն եւ ապահովական խախտում:

Քարամէ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը պէտք է երկաթեայ բազուկով եւ վճռակամութեամբ հարուածէ` վերահաստատելու համար բոլոր շրջաններուն կայունութիւնը:

Երեկոյեան բանակը արգիլեց Պաթրունի մէջ Պէյրութ-Թրիփոլի մայրուղին փակելու կարգ մը երիտասարդներու փորձերը:

Նախագահական Պալատ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամ երկիրներուն` Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Չինաստանի եւ Ռուսիոյ դեսպանները` գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի:

Պատուիրակութիւնը նախագահ Սլէյմանին ցաւակցութիւն յայտնեց Էշրեֆիէի պայթումին պատճառած զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց արձանագրուած աւելի քան հարիւր վիրաւորներուն:

Փլամպլի շեշտեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի անդամները իրենց հաղորդագրութեան մէջ հաստատեցին, որ իրենք կառչած կը մնան Լիբանանի կայունութեան եւ կը դատապարտեն անոր ապահովութիւնը խախտող բոլոր փորձերը, ինչպէս նաեւ խստիւ կը դատապարտեն քաղաքական սպանութիւնները:

«Մենք մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք Լիբանանի կառավարութեան, որպէսզի վերջ մը դնէ փողոցին մէջ արձանագրուող խուլիկանութիւններուն եւ վերահաստատէ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու պատժէ Էշրեֆիէի պայթումին յանցագործները», հաստատեց Փլամպլի:

Փլամպլի մեծ պետութիւններու դեսպաններուն անունով կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական կեանքին մաս կազմող բոլոր ուժերուն պահպանելու Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը: Անոնք նաեւ զօրակցութիւն յայտնեցին նախագահ Սլէյմանի եւ բոլորին հետ ազգային երկխօսութիւն կատարելու անոր ջանքերուն:

Փլամպլի շեշտեց կառավարութեան աշխատանքներուն անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու արդարութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ իրենք Լիբանանի կողքին պիտի կանգնին այս դժուար հանգրուանին ընթացքին:

Վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այսօր առաւօտեան վարչապետարանին մէջ կը վերստանձնէ իր աշխատանքները:

Վարչապետը, որ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ, պիտի չհրաժարի, այլ պիտի շարունակէ իր աշխատանքները` պահպանելով երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի եւ նախագահ Սլէյման քննարկեցին լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը հաստատելու անհրաժեշտութիւնը:

«Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետ Միքաթի նշեց, որ Ուիսամ Հասանի սպանութեան նպատակը երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտել է եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը հարուածել:

Ան շեշտեց, որ Էշրեֆիէն հարուածած պայթումին առնչութեամբ հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ այդ հետաքննութեան արդիւնքները անպատճառ պէտք է բացայայտել:

Ան շեշտեց, որ փողոցին մէջ գործադրուած անպատասխանատու արարքները կը ծառայեն ոճրագործներուն ծրագիրին եւ կը միտին երկիրը դէպի իրարանցում եւ գրգռութիւն առաջնորդել:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ հանդիպումներ ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի եւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Քահուաժիի հետ, որմէ իմացաւ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի, Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաարի, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին եւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին կողմէ:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Պըրրիի խորհրդատու Ալի Համտան:

Պըրրի շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ այդ ապահովութիւնը պէտք է դառնայ քաղաքական բոլոր կողմերուն յանձնառութիւնը:

Զօր. Ռիֆի

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի երէկ յայտնեց, որ այսօր Լիբանան պիտի ժամանէ ամերիկեան դաշնակցային գաղտնի սպասարկութեան «էֆ. Պի. Այ.»-ի մէկ պատուիրակութիւնը, որ պիտի օժանդակէ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան հետաքննութեան:

Այցելութիւն Էշրեֆիէ

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել` ընկերակցութեամբ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիի, Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատի եւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պատասխանատուներուն, երէկ այցելեց պայթումին վայրը, ուր ան ստուգեց արձանագրուած վնասներն ու տուժած ընտանիքները` հաստատելով, որ կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային պիտի կատարէ հատուցումները եւ պիտի ծառայէ քաղաքացիներուն:

Ան շեշտեց, որ պէտք է դիմել ապահովութեան ուժերուն, որոնք կը գտնուին դէպքին վայրին մէջ, եւ ապահովել անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց ապաստան մը տրամադրել եւ ընտանիքները կարելի եղածին չափ արագ վերադարձնել իրենց բնակարանները:

Միւս կողմէ, փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել այցելեց հիւանդանոցները եւ այցելեց Էշրեֆիէի պայթումին ընթացքին արձանագրուած վիրաւորներուն` անոնց շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով:

Ռիատ Սոլհի Հրապարակ

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երիտասարդական թեւերուն կողմէ Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք բաց նստացոյցի կոչին ընդառաջեցին քիչ թիւով երիտասարդներ:

Մուսթաքպալ հոսանքի երիտասարդական թեւի նախագահ Ուիսամ Շըպլի իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ

նստացոյցը բաց պիտի մնայ վարչապետարանին դիմաց, եւ կոչ ուղղեց բոլորին չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 6:00-ին մասնակցելու Սեսին հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք ցոյցին:

Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ուսանողական թեւի պատասխանատու Նետիմ Եազպեք յայտնեց, որ կարելի չէ սպանութիւններուն դէմ լուռ մնալ` աւելցնելով, որ նախանցեալ օր վարչապետարանին մուտքին արձանագրուած իրադարձութիւնները կ՛արտայայտէին ժողովուրդին ընդվզումը:

Leave a Reply

Advertisement