«Նալբանդեան – Մամետեարով Հանդիպումին Օրը Յայտնի Չէ, Սակայն Փարիզի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ» Կ՛ըսէ Փոփով
By adminx - Tue Oct 23, 7:36 am
- 0 Comments
- 46 views
- Tweet
Email
Print
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման թուականը տակաւին յստակ չէ:
Ան նշած է, որ այժմ բանակցութիւններ կ՛ընթանան երկու երկիրներու նախարարութիւններուն հետ: «Յոյս ունիմ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթ», ըսած է ան:
Ռուս համանախագահը նշած է, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ: Ան յայտնած է, որ հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները պիտի այցելեն շրջան:
Վերջերս այսպիսի յայտարարութիւն մը կատարած էր նաեւ ֆրանսացի համանախագահ Ժաք Ֆոր, իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան Tert.am-ին յայտնած էր, որ նախարարներու հանդիպումին մասին տեղեակ պիտի պահեն պատշաճ ժամանակին:նման աշխատանքներու իբրեւ արդիւնք աւելի հարուստ պիտի դառնայ», ըսած է ան:
- 0 Comments
- 46 views
- Tweet
Email
Print



