Thursday Jun 20, 2013

Մալաթիոյ Վենք Գիւղի Հայկական Եկեղեցին Կը Վերակառուցուի

By adminx - Tue Oct 23, 7:28 am

Թրքական «Հապերլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Մալաթիա նահանգին մէջ ընթացք առած են կանգուն մնացած հայկական եկեղեցիներէն մէկուն` Վենք (Վանք) գիւղի եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքները, զորս կը կատարէ Մալաթիոյ նահանգապետարանը:

Մալաթիոյ բարեգործ հայերու միութեան նախագահ Խոսրով Քէօլեդաւիթօղլու Մալաթիոյ հայերու ծննդավայրի հարստութիւններու յայտնաբերման աշխատանքները կարեւոր նկատած է:

«Մալաթիոյ մէջ վերակառուցման աշխատանքներու իրագործումը կը նշանակէ, որ անիկա առաջուանը պիտի ըլլայ: Մալաթիան նման աշխատանքներու իբրեւ արդիւնք աւելի հարուստ պիտի դառնայ», ըսած է ան:

Վերակառուցման ընթացքին պիտի քանդուի նաեւ մօտիկ անցեալին եկեղեցւոյ մօտ կառուցուած աղիւսէ շինութիւնը, որ իբրեւ դամբարան կը ներկայացուի, սակայն եկեղեցւոյ հին լուսանկարներուն մէջ նման շինութիւն չկայ:

Բնակչութեան շրջանակին մէջ տարածուած տեսակէտ կայ, թէ այնտեղ ամփոփուած են Ս. ԳԷորգի մասունքները, սակայն պատմաբաններ այդ մէկը կը հերքեն:

Leave a Reply

Advertisement