Friday May 24, 2013

Քաթարի Իշխանը Այսօր Կազա Կ՛այցելէ

By adminx - Tue Oct 23, 7:23 am

Շէյխ Համատ

Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի այսօր Կազա կ՛այցելէ: Անիկա առաջին արաբ ղեկավարը պիտի ըլլայ, որ շրջափակուած Կազա կ՛այցելէ:

«Շահապ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այս այցելութիւնը կ՛իյնայ աւելի քան 250 միլիոն տոլար արժողութեամբ շինարարական ծրագիրներու հիմնարկէքի ծիրին մէջ:

Պաղեստինեան լուծարեալ կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիէ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով այցելութեան լուրը հաստատեց: «Ուաֆա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քաթարի իշխանը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը միջոցով Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը այցելութենէն տեղեակ պահած է:

Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ շէյխ Համատ Ապպասին յայտնած է, որ կը փափաքի Կազա այցելել` տարածքի վերաշինութեան կարգ մը ծրագիրներուն բացումին համար: Ապպաս Կազայի զօրակցելու Քաթարի ջանքերը ողջունած է` նշելով, որ անհրաժեշտ է պաղեստինեան հողերուն միութիւնը պահել եւ պառակտումին վերջ տալ:

Միւս կողմէ, Իսրայէլ քննադատեց Քաթարի իշխանին Համասի իշխանութեան տակ գտնուող Կազա այցելելու քայլը` զայն նկատելով «զարմանալի»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իկալ Փալմոր յայտնեց, որ «կրնանք յուսալ, որ իշխանը բռնարարքներու չզօրակցող պաղեստինցիները քաջալերէ»` աւելցնելով, որ «միեւնոյն ժամանակ զարմանալի կը գտնենք, որ իշխանը բոլոր պաղեստինցիներուն կը զօրակցի, աւելի՛ն, Համասի կը զօրակցի Պաղեստինեան իշխանութեան փոխարէն, որուն Այսրյորդանանի մէջ նախապէս չէ այցելած»: «Քաթարի իշխանը այդպիսով կողմ մը զատեց, ինչ որ լաւ չէ», ըսաւ ան:

Փալմոր նշեց, որ «Իսրայէլ չի կրնար այս այցելութեան կազմակերպման միջամտել, որովհետեւ իշխանը պիտի անցնի Եգիպտոսի եւ Կազայի միջեւ գտնուող Ռաֆահի անցքէն, որ ամբողջութեամբ եգիպտական գերիշխանութեան տակ կը գտնուի»:

Leave a Reply

Advertisement