«Իսրայէլ Պատրաստ Է Առանց Նախապայմաններու Թուրքիոյ Հետ Բանակցելու» Կ՛ըսէ Աւիւի
By adminx - Tue Oct 23, 7:21 am
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print
«Թէ.Ռէ.Թէ.թիւրք» կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Փինհաս Աւիւի յայտարարած է, որ Իսրայէլ պատրաստ է առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ բանակցելու:
Ան անդրադառնալով «Մաւի Մարմարա» նաւու միջադէպին յայտնած է, որ «խնդիրները մէկ կողմ ձգելով ապագային պէտք է նայինք»:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարը նշած է, որ իրենք կ՛ուզեն Թուրքիոյ հետ խօսիլ նաեւ Սուրիոյ հարցին մասին:
Յիշեցնենք, որ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները լարուած էին 31 մայիս 2010-ին, երբ Կազա օգնութիւն փոխադրող թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ իսրայէլեան ուժերու գործողութեան պատճառով 9 թուրք սպաննուած էր:
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print




