Thursday May 23, 2013

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Կոչ Ուղղած Է Լիպիոյ Տագնապը Լուծելու Խաղաղ Միջոցներով

By adminx - Tue Oct 23, 7:16 am

Պան Քի Մուն

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Լիպիոյ Պենի Ուալիտ քաղաքին մէջ հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղած է բանակցութիւններու սկսելու:

Կառավարական ուժերու եւ Պենի Ուալիտ քաղաքի զինեալներուն միջեւ բախումները սկսած են անցեալ հինգշաբթի օր: Քաղաքին մէջ, ուր կ՛իշխեն Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի կողմնակիցները, ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, շաբաթ օր սպաննուած է նախկին ղեկավարի որդին` Խամիս Քազզաֆին:

«ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կողմերուն կը յիշեցնէ միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ իրենց ունեցած պարտաւորութիւններուն մասին եւ Լիպիոյ իշխանութիւններուն ու Պենի Ուալիտի կողմին կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ բանակցութիւններու սկսելու», կը յայտնէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Պետութիւնը եւ այն զինեալները, որոնք կը գործեն պետութեան անունով, Լիպիոյ ժողովուրդին առջեւ պատասխանատուութիւն կը կրեն իրենց գործողութիւններուն միջազգային օրէնքին համապատասխանութեան համար` յատկապէս մարդկային իրաւանց պահպանման հարցին մէջ», ըսած է Պան Քի Մուն:

 

Leave a Reply

Advertisement