Friday May 24, 2013

Օպամայի Եւ Ռոմնիի Վարկանիշերը Հաւասարած Են

By adminx - Tue Oct 23, 7:15 am

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածուներ Պարաք Օպամայի եւ Միթ Ռոմնիի միջեւ երրորդ եւ վերջին պատկերասփռուած բանավէճէն առաջ անոնց վարկանիշերը հաւասարած են:

Նախորդ երկու հանդիպումներէն առաջինին ընթացքին յաղթանակ արձանագրած էր հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնի, իսկ երկրորդին` գործող նախագահ Պարաք Օպամա:

Ըստ վերջին հարցախոյզներուն, թեկնածուներէն  իւրաքանչիւրին զօրակցած է հարցախոյզի մասնակիցներուն 47 առ հարիւրը:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 6 նոյեմբերին:

 

Leave a Reply

Advertisement