Կացութիւնը` Հալէպի Եւ Դամասկոսի Մէջ
By adminx - Tue Oct 23, 7:13 am
- 0 Comments
- 128 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ «Ազդակ» կապ հաստատեց Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ նշեց, որ Հալէպի մէջ կը տիրէ նոյն սպասողական անկայուն վիճակը: Քաղաքի ծայրամասերուն կողմերը կը շարունակեն իրենց յարձակումներն ու հակայարձակումները, հրետանին գրեթէ անդադար կը ռմբակոծէ այդ շրջանները: Ըստ Ժ. Ռէյիսեանի, ընդդիմադիրները կը փորձեն յառաջանալ, մինչ բանակը կը փորձէ կասեցնել յառաջխաղացքը: Փափուկ եւ զգայուն վիճակ մը կը տիրէ: Հայկական առումով վնասներ չկան:
«Ազդակ»-ի Դամասկոսի թղթակիցը հաղորդեց, որ Դամասկոսի արուարձանները կը մնան հակամարտութեան գօտի, ուր պետական զինուորական ուժերը կը շարունակեն հարուածել հակակառավարական ուժերը հրետանային եւ օդային ուժերով: Մերթ ընդ մերթ կը լսուին հրետանային ռմբակոծումներու ձայներ:
Մայրաքաղաքի կարգ մը պողոտաներ եւ մայրուղիներ անցարգելներով փակուած կը մնան:
- 0 Comments
- 128 views
- Tweet
Email
Print



