Saturday May 25, 2013

Օրինակելի Քաջալերանք` Սփիւռքահայ Մամուլի Յառաջատարին

By adminx - Tue Oct 23, 9:00 am

Տէր եւ տիկին Ալեքօ եւ Անի Պեզիքեաններ կը շարունակեն աջակցիլ «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն եւ օժանդակել մեր թերթին` իր ծրագիրները իրականացնելու համար: Անոնք ծանօթ են հայութեան թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան` երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ իրենց կատարած հսկայական ծրագիրներու իրականացման համար, թէ՛ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` յատկապէս դպրեվանքին, եւ թէ՛ սփիւռքահայ մամուլի յառաջատարին` «Ազդակ»-ին իրենց ցուցաբերած նիւթաբարոյական նեցուկի բազմաթիւ դրսեւորումներով:

Գնահատելով վերջերս Հայաստանի մէջ «Ազդակ»-ի արձանագրած յաջողութիւնները` նուիրատու զոյգը, առ ի քաջալերանք մեր թերթին,  կը նուիրէ 10.000 ամերիկեան տոլար:

«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ Ալեքօ եւ Անի Պեզիքեաններուն եւ նիւթաբարոյական այս գործնական աջակցութիւնը կ՛ընկալէ իբրեւ քաջալերանք` նոր նախաձեռնութիւններու դիմելու եւ ծրագիրներ իրականացնելու համար:

1 Comment

Comments -49 - 0 of 1First« PrevNext »Last
  1. Sireli Aleco yev Ani Bezikian,

    Katcharoghtchoutyan yev haradev hatchoghoutyan lavakouyn maghtankners.

    Zohrab Koftikian

Comments -49 - 0 of 1First« PrevNext »Last

Leave a Reply

Advertisement