Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ցաւակցական Գիրը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Թորգոմ Արք. Մանուկեանի Վախճանման Առիթով
By adminx - Tue Oct 23, 7:10 am
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print
Երկուշաբթի, 22 հոկտեմբեր, 2012-ին, Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք հոգելոյս Թորգոմ արք. Մանուկեանի վերջին օծման ու թաղման կարգը:
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկելեան:
Ստորեւ վեհափառ հայրապետին ցաւակցական գիրը, զոր յաւարտ արարողութեան կարդաց Վարուժան սրբազանը:
«Զբարւոք պատերազմ պատերազմեցայ, զընթացսն կատարեցի, զհաւատսն պահեցի: Այսուհետեւ կայ մնայ ինձ արդարութեան պսակն, զոր հատուսցէ ինձ Տէր յաւուր յայնմիկ» (Բ. Տմ. 7-8):
Պօղոս առաքեալ իր երկրաւոր կեանքի վերջալոյսին այս բառերով կը բնորոշէ իր ապրած կեանքն ու մանաւանդ քրիստոնէական հաւատքի տարածման բերած իր մասնակցութիւնը: Արդարեւ, որքա՜ն կը պատշաճին առաքեալին այս պարզ, բայց խորիմաստ բառերը հոգելոյս պատրիարքին, որուն աւելի քան կէս դարու հոգեւոր կեանքը լեցուեցաւ ու արժեւորուեցաւ հաւատքի առաքելութեամբ: Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ պատրիարք իր երկրաւոր կեանքի օրերը ապրեցաւ ու հարստացուց հոգեմտաւոր արժէքներով ու սկզբունքներով. այլ խօսքով, հաւատքի առաքելութեան կենսագործումով մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ` Երուսաղէմի աբեղայական տարիներէն սկսեալ մինչեւ Միացեալ Նահանգներու իր առաջնորդական շրջանը եւ ապա իր գահակալութեան տարիները` իբրեւ պատրիարք Երուսաղէմի հայոց:
Մենք մօտէն ճանչցած ենք հոգելոյս պատրիարքը անցնող շուրջ քառասուն տարիներու ընթացքին եւ իր մօտ տեսած ու վկայած ենք հետեւեալ արժէքներն ու արժանիքները.-
ա) Հայ եկեղեցւոյ ծառայութիւնը Թորգոմ պատրիարքին համար եղաւ ամէնօրեայ ապրում ու կեանքի մնայուն ուղեցոյց: Նուիրապետական կարգի խոնարհագոյն աստիճաններէն մինչեւ պատրիարքութիւն, իր ստանձնած հոգեւոր թէ վարչական բոլոր պատասխանատուութիւններուն մէջ հոգելոյս պատրիարքը ինքզինք ըմբռնեց ու իր կեանքը իրագործեց իբրեւ ծառայ Աստուծոյ ու ծառայ հայ եկեղեցւոյ` իր «այրիի լուման» դնելով մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի ծառայութեան գանձանակին մէջ:
բ) Հոգելոյս Թորգոմ պատրիարք եղաւ մտաւորական հոգեւորական: Սաղիմական միաբանութեան անցեալի տիտան դէմքերը, Դուրեան ու Գուշակեան պատրիարքները, իրենց բանաստեղծական թռիչքներով ու գրական հարուստ ստեղծագործութիւններով դարձան իր մնայուն ուսուցիչներն ու ներշնչման աղբիւրները եղան: Անոնց քայլերուն հետեւելով Թորգոմ պատրիարք ինք եւս իր ներդրումը կատարեց հայ մշակութային արժէքներու առաւել հարստացման, յատկապէս գրական, գեղարուեստական ու բանաստեղծական բնագաւառին մէջ:
գ) Թորգոմ պատրիարք եղաւ ընդհանրապէս հայ երաժշտութեան ու յատկապէս կոմիտասեան երաժշտութեան քաջածանօթ անձերէն մէկը: Կոմիտասեան երաժշտութեան իր մօտեցումը, սիրողական սահմաններէն անդին եղաւ մասնագիտական: Իրեն համար Կոմիտասի մասին խօսիլը գերազանցօրէն իւրայատուկ ապրում ու վայելք էր:
դ) Հոգելոյս պատրիարքը իր գահակալութեան շրջանին նոր փայլք տուաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան` շինարարական, վարչակազմակերպչական, կրթական ու մշակութային մարզերու մէջ: Հակառակ Երուսաղէմի պատրիարքարանը շրջապատող ոչ նպաստաւոր պայմաններուն, Թորգոմ պատրիարք անվեհեր պաշտպանը եղաւ, բնականաբար իր շուրջ ունենալով Երուսաղէմի զինուորեալ միաբանութիւնը, հայ եկեղեցւոյ դարաւոր իրաւունքներուն:
Սրբազան առաքեալին բառերով հոգելոյս պատրիարքը իր կեանքի «բարւոք պատերազմը» հաւատքով պատերազմեցաւ` բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայելով:
Կ՛աղօթենք առ Ամենագութն Աստուած, որ երկնային երանական խաղաղութեան մէջ ընդունի Թորգոմ պատրիարքի հոգին եւ զինք յաւիտենական կեանքի արժանացնէ: Թող Աստուած Սուրբ Հոգւոյն ներգործող զօրութեամբ առաւել եւս պայծառացնէ մեր սուրբ եկեղեցին իր առաքելութեամբ ու ծառայութեամբ:
Այս տխուր առիթով անձնապէս եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան, մեր Սուրբ Աթոռի թեմակալ առաջնորդներուն ու Ազգային իշխանութեանց եւ մեր ժողովուրդին, Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը ներկայացնենք` ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, Երուսաղէմի պատրիարքութեան տեղապահ սրբազանին ու միաբանութեան. ինչպէս նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք նորին ամենապատուութիւն Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեանին` հայցելով ամենաբարին Աստուծմէ, որ անսասան պահէ մեր սուրբ եկեղեցին իր նուիրապետական աթոռներով:
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print



