Saturday May 25, 2013

50 Տարի Առաջ ( 23 Հոկտեմբբեր 1962 )

By adminx - Tue Oct 23, 5:31 am

Հայկական Կեանք

Դաշնակցութիւնը Կը Զօրանայ
Եւ Կը Վերանորոգուի Ամերիկայի Մէջ

Նոր Կոմիտէներ Եւ Ուխտեր

«Հայրենիք»-ի մէջ (19 հոկտեմբեր) կը կարդանք.-

ՀՅԴ Հիւս. Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէութեան եւ Հայ երիտասարդական  դաշնակցութեան Կեդր. վարչութեան նոր դիմումներ կատարուած են վերջին ամիսներու ընթացքին` անցնելու համար ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը եւ ծառայելու համար հայ ժողովուրդին ու Հայ դատին:

Մենք առիթը պիտի ունենանք այս նոր դիմումներուն ու կազմուած նոր կոմիտէութեանց կամ ուխտերուն մասին մանրամասնօրէն գրելու: Յայտնենք առայժմ, որ Նիւ Եորքի մէջ, Ֆորեսթ Հիլզի եւ Ռեկօ Փարքի շրջանին մէջ, կազմուած է

«ԵՓՐԵՄ» կոմիտէն, 17 ընկերներով: Հարթֆըրտի, Տիթրոյթի եւ այլ շրջաններու կարգ մը կոմիտէութիւններուն միացած են 12 նոր ընկերներ: Հայ երիտասարդական դաշնակցութեան շարքերուն միացած են, 1962-ի յուլիսէն ասդին, 81 երիտասարդներ: Իսկ 14 հոկտեմբերի կիրակի օր Սիրաքիւղի մէջ կազմուած է ՀԵԴ նոր ուխտ մը` «Նաւասարդ», 9 երիտասարդներով: Նորակազմ այս ուխտի կազմութեան ներկայ եղած է Կեդր. վարչութեան ներկայացուցիչ Պերճ Ղարիպեան, Նոր ուխտի խորհրդականն է ընկեր Վարդգէս Մինասեան, Սիրաքիւղի «Արմէն Գարօ» կոմիտէութենէն:

Նոր ընկերներու մուտքը` ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` նոր կոմիտէութիւններու եւ ուխտերու կազմութիւնը, կը հաստատէ վերանորոգումի լայն հնարաւորութիւնները ՀՅԴ կազմակերպութեան: Իրենց երկար տարիներու վաստակով կամ անխուսափելի մահուան պատճառով ակամայ անգործութեան դատապարտուած, եւ մեզմէ յաւէտ բաժնուած ընկերներու գործն ու նպատակները, այս ձեւով, կը փոխանցուին նոր սերունդին եւ հաւատաւոր այլ ընկերներու:

 

Տոմսեր

Թուրքիոյ Բարեկամները

Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահը` Ճ. Կուրսել խօսելով Անգարայի մէջ` ըսած է, թէ ինչպէս ամէն երկրի մէջ, նաեւ Թուրքիոյ մէջ համայնավարութեան կուսակիցներ գոյութիւն ունին: Ու աւելցուցած է. «Թուրքիոյ մէջ համայնավար կուսակցութիւն մը հիմնուելու է, որպէսզի աւելի լաւ ճանչնանք մեր թշնամիները»: Ու մտածելով թերեւս, որ յանկարծ մէկը կրնայ ելլել եւ իրականացնել այդ գաղափարը, աւելցուցած է. «Բայց ոչ թէ այսօր, այլ յառաջիկային հնարաւոր կրնայ ըլլալ»:

Այս «խոհեմութեամբ», Թուրքիոյ նախագահը ըսել կ՛ուզէ` երկրին թշնամի համայնավարներուն կամ համակիրներուն. «Այսօր չէք կրնար հրապարակ ելլել, որպէսզի ճանչնանք ձեզ: Պահուեցէք ժամանակ մը, տեսնենք` ի՛նչ կ՛ըլլայ յառաջիկային: Օր մը հնարաւոր կ՛ըլլայ, եւ մէջտեղ կ՛ելլէք, ինշալլահ:

Թող ծածկուին Թուրքիոյ թշնամիները, իսկ հրապարակ գան բարեկամները:

Թուրքիոյ բարեկամնե՜րը. Հալք կուսակցութիւնը եւ իր համակիրները, աւելի քան երեսուն տարի կառավարեցին երկիրը ու ձգեցին խեղճութեան մէջ:

Եկան բարեկամ դեմոկրատները, ու երկարատեւ իշխանութենէ մը ետք… բանտ առաջնորդուեցան, կամ կախաղան` իրենց բարեկամական գործունէութեան համար:

Երկու տարիէ ի վեր, դարձեալ հին Հալքն է, որ կը վարէ երկիրը եւ 15 միլիոն անօթիներու բանակ մը հասցուցած է արդէն:

Սասունի ութ գիւղերուն բնակիչները, կը գրեն պոլսական թերթեր, կը գաղթեն` բորոտութեան համաճարակի մը պատճառով:

Գիւղացիները Սղերդի առողջապահութեան տնօրէնութեան դիմած են եւ պատասխան չկայ…

«Սասունի մէջ ժողովուրդը վախի մատնուած է եւ կառավարութեան շահագրգռութեան կը սպասէ», կ՛ըսէ նոյն տեղեկատուութիւնը:

Իսկ Անգարայի բարեկամ կառավարութիւնը, բերանը բաց, ձեռքերը ծալած… իր կարգին օգնութեան կը սպասէ, դուրսէն:

Որո՞նք աւելի վտանգաւոր են երկրին առողջութեան: Սասունի թշուառ բորոտնե՞րը, թէ՞… իրենց բարեկա՜մ կառավարութիւնը:

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

 

Leave a Reply

Advertisement