Ուիսամ Հասանի Յուղարկաւորութեան Յաջորդեց Վարչապետարան Ներխուժումի Ձախող Փորձ Մը. Պէյրութի Զանազան Թաղամասերուն Մէջ Բախումները Շարունակուեցան Մինչեւ Ուշ Գիշեր
By adminx - Mon Oct 22, 7:41 am
- 0 Comments
- 349 views
- Tweet
Email
Print
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն` հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասան եւ անոր ընկերակիցը` աւագ ենթասպայ Ահմետ Սահիունի երէկ յանձնուեցան հողին:
Մեծաթիւ բազմութիւն մը հասաւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ, որպէսզի մասնակցի Մոհամետ Ամին մզկիթին մէջ կատարուած յուղարկաւորութեան եւ ապա թաղման արարողութեան, որ կատարուեցաւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանին մօտ:
Ուիսամ Հասանի եւ Ահմետ Սահիունիի յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ուիսամ Հասանի եւ Սահիունիի ընտանիքները, իշխանութեան երեք պետերու ներկայացուցիչ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխաններ եւ ներկաներու հոծ բազմութիւն մը:
Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար նախագահեց յուղարկաւորութեան արարողութեան եւ շեշտեց, որ իրենք եւ նահատակ Ուիսամ Հասան տակաւին կը քալեն նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի ուղիով:
Ան հաստատեց, որ այդ ուղին տակաւին կարելի պիտի ըլլայ շարունակել նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի շնորհիւ, ինչպէս նաեւ կարելի պիտի ըլլայ բոլոր դժուարութիւնները դիմագրաւել նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի ներկայութեամբ:
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք Սինիորա արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ նախքան ներկայ կառավարութեան հրաժարումը, իրենք ոչ մէկ երկխօսութեան պիտի մասնակցին:
«Մենք մեր նահատակներուն արեան վրայ երկխօսութիւններու կը մերժենք մասնակցիլ: Այս կառավարութիւնը պատասխանատու է Ուիսամ Հասանի սպանութեան: Ո՛վ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, չես կրնար մնալ հոն, ուր որ ես, եւ ծածկել այս անարգ ոճիրը, որուն զոհ գնաց պետութեան եւ լիբանանցիներուն ապահովութեան հսկող գլխաւոր պատասխանատուն», հաստատեց ան:
Սինիորայի խօսքէն ետք, Մուսթաքպալ պատկերասփիւռի կայանի լրագրողներէն Նետիմ Քըթէյշ կոչ ուղղեց ներկայ յուղարկաւորներուն ուղղուելու վարչապետարան:
Յուղարկաւոր մեծ թիւով երիտասարդներ խուժեցին վարչապետարան, ուր անոնք բախեցան ապահովութեան ուժերուն, որոնք արցունքաբեր կազերով եւ օդին մէջ կրակելով փորձեցին ցրուել յարձակողները:
Բախումներուն պատճառով արձանագրուեցան 15 վիրաւորներ` ներքին ապահովութեան ուժերու շարքերուն մէջ:
Քանի մը վայրկեան ետք լիբանանեան բանակի ստորաբաժանում մը ժամանեց վարչապետարան` օժանդակելու համար ապահովութեան ուժերուն եւ ամրապնդելու վարչապետարանին ապահովութիւնը:
Ուիսամ Հասանի յուղարկաւորութենէն վայրկեաններ ետք ամբողջ Լիբանանի ապահովութիւնը ենթարկուեցաւ լուրջ վտանգի, որ սակայն կարելի եղաւ հակակշիռի տակ առնել ապահովութեան ուժերուն կողմէ, ինչպէս նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն ուղղած ինքնազսպումի կոչերէն ետք:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց իր հետեւորդներուն հեռանալու փողոցէն եւ Կեդրոնական Պէյրութի իր ապարանքին պահակները զետեղեց վարչապետարանի ապահովական ուժերուն տրամադրութեան տակ:
«Մենք բռնարարքներ չենք պահանջեր: Մենք կը փափաքինք խաղաղութիւն հաստատել եւ կառավարութիւնը խաղաղ պայմաններու տակ տապալել», ըսաւ ան:
Սինիորա եւս յայտնեց, որ իրենք պէտք է պաշտպանեն վարչապետարանը, որովհետեւ անոր դէմ յարձակումը մերժելի է:
Ան դատապարտեց բռնարարքները եւ մերժեց այդ արարքները: «Վարչապետարանը լիբանանեան պետութեան կը պատկանի եւ մեզի վայել չէ անոր դէմ յարձակում գործել, թէեւ մենք կը փափաքինք այս կառավարութեան հրաժարումը եւ կառչած կը մնանք այդ պահանջին», ըսաւ ան:
Իր կարգին, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շեշտեց, որ կառավարութիւնը փողոցին մէջ տապալելը բացարձակապէս արգիլուած է:
«Մենք խստիւ մերժած ենք այս արարքը, երբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի օրերուն վարչապետարանը պաշարուած էր: Այսօր եւս կը մերժենք եւ պիտի մերժենք այս ձեւով կառավարութեան տապալումը», հաստատեց միւֆթի Քապպանի:
Նոյնանման կոչեր ուղղեցին նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ:
Միւս կողմէ, սակայն, վարչապետարանին ներխուժման ձախողութենէն ետք, մեծ թիւով երիտասարդներ ուղղուեցան իրենց շրջանները, ուր անոնք հրկիզեցին անիւներ եւ փակեցին ճամբաները:
Մարզական աւանի մայրուղին ամբողջութեամբ փակուեցաւ, Նաամէի ճամբաները փակուեցան, նոյն օրինակին հետեւեցան նաեւ Սաատնայէլի, Զահլէի եւ Թրիփոլիի շրջանները, իսկ Թարիք Ժտիտէի մէջ նշմարուեցան զինեալ երեւոյթներ: Յայտնենք, որ երէկ մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը Թարիք Ժտիտէի, Քասքասի եւ Շիահի շրջաններուն մէջ արձանագրուեցան բուռն կրակոցներ եւ բախումներ:
Այս բոլորին կողքին, Թրիփոլիի Ժապալ Մըհսեն, Պապ Թըպպանէ եւ Ռիվա շրջաններուն միջեւ կրակոցներն ու հրթիռարձակումը շարունակուեցան` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Իր կարգին, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի ինքնագլուխ հաւաքի մը հրաւիրեց վարչապետ Միքաթիի Թրիփոլիի բնակարանին դիմաց:
Մերեհպի հասատատեց, որ իր յայտարարած նստացոյցը բաց պիտի մնայ` մինչեւ Դիմադրութեան ապազինումը:
Հրաժեշտի Պաշտօնական Արարողութիւն
Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին տեղի ունեցաւ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի եւ անոր ընկերակիցին հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին շրջափակին մէջ` ներկայութեամբ Ուիսամ Հասանի եւ Ահմետ Սահիունիի ընտանիքներուն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ ապահովական կառոյցի տարբեր բաժանմունքներու պատասխանատուներուն:
Նահատակներուն դագաղները լիբանանեան դրօշով փաթթուած «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցէն փոխադրուեցան եւ զետեղուեցան ներքին ապահովութեան ուժերուն ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին շրջափակին մէջ:
Հանրապետութեան նախագահը իր դամբանական խօսքին մէջ խստիւ դատապարտեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ ապահովական հաստատութիւններուն աշխատանքներուն միջամտութիւնը:
Ան հաստատեց, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքը իր պատասխանատուին սպանութեամբ կը պատժուի, որովհետեւ այդ բաժանմունքը բացայայտած է բազմաթիւ ոճիրներ, ահաբեկչական բջիջներ, Իսրայէլի հաշուոյն լրտեսող գործակալներ, ինչպէս նաեւ ականներ, որոնք պիտի օգտագործուէին պայթեցնելու համար Լիբանանը:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց բացայայտելու ոճրային այս արարքներուն դրդապատճառներն ու յանցագործները, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն արագացնելու Միշել Սմահայի թղթածրարին գծով արձակուելիք ամբաստանութիւնը:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ապահովութիւնը կարիքը ունի քաղաքական հովանիի:
Հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի իր խօսքը ուղղելով նահատակ Ուիսամ Հասանին նշեց, որ ան եղած է մեծ հայրենասէր մը եւ ապահովական աշխատանքին մէջ հիմնած է դպրոց մը:
«Ո՛վ հերոս Ուիսամ Հասան, այն ուժերը, որոնց մարզեցիր, կարգապահ են եւ արհեստավարժութեամբ պիտի շարունակեն նոյն առաքելութիւնը: Լիբանանցիները վստահեցան քեզի եւ կարողութիւններուդ, ինչպէս նաեւ պարկեշտութեանդ, որոնք օժանդակեցին ապահովելու իրենց կայունութիւնը եւ կասեցնելու ահաբեկչութիւնը: Մենք յանձնառու կը մնանք շարունակելու այս ուղին եւ բարձր պահելու դրօշը», ըսաւ Ռիֆի:
Երեկոյեան Իրադարձութիւնները
Նախագահ Սլէյման երէկ երեկոյեան Պաապտայի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու կարելիութիւնները` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ երեկոյեան նախարարաց խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նահատակներ Ուիսամ Հասանի եւ անոր թիկնապահին յուղարկաւորութեան արարողութենէն եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կատարած յայտարարութենէն ետք դէպի վարչապետարան ուղղուելու կոչերը հրահրեցին Նահատակաց հրապարակին վրայ ներկայ գտնուող յուղարկաւորները` ուղղուելու վարչապետարան եւ յարձակելու ներքին ապահովութեան ուժերուն դէմ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ ներխուժումը աւելի քան հինգ վիրաւորներ պատճառեց ապահովութեան ուժերուն շարքերուն մէջ: «Հետեւաբար նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը լիբանանեան հանրային կարծիքին տրամադրութեան տակ կը դնէ այս իրականութիւնը եւ գրգռութիւնները, որոնք գործուած են ազգային եւ քաղաքական խորհրդանիշ նկատուող կառոյցի մը դէմ», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ այսօր իր ուխտը կատարելու համար Սէուտական Արաբիա կը մեկնի, երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսէն:
Ուշ երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Քլինթընի եւ Միքաթիի միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է` Ուիսամ Հասանի սպանութեան հետաքննութեան գծով ամերիկեան օժանդակութիւն տրամադրելու:
Վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիի հետ, որմէ իմացաւ վարչապետարան ներխուժումի ընթացքին վիրաւորուած ապահովական ուժերուն առողջական վիճակին մասին:
Պէտք է նշել նաեւ, որ երէկ գիշեր ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն նշանակեց գնդապետ Իմատ Օսմանը:
Ռիֆի յայտնեց, որ ինք այդ նշանակումը կատարած է ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի հետ համաձայնաբար:
Ան աւելցուց, որ Օսման Ուիսամ Հասանի ամէնէն մօտիկ անձնաւորութիւնն է, տարիներ աշխատած է անոր հետ եւ այս հանգրուանին կրնայ լաւագոյն ձեւով լեցնել բացը:
Կառավարութեան Նիստ
Ազգային սուգի մթնոլորտին մէջ, շաբաթ առաւօտեան կառավարութիւնը Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման երկարատեւ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ:
Ապա նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախարարներուն` Ղազի Արիտիի, Ալաէտտին Թըրրոյի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ:
Նախագահ Սլէյման առանձին հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ:
Կառավարութիւնը իր նիստին սկիզբը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեց Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակի նահատակներուն յիշատակը, ապա կառավարութիւնը գումարեց իր նիստը, որ տեւեց աւելի քան չորս ժամ:
Նիստին աւարտին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ցաւ յայտնեց Ուիսամ Հասանի սպանութեան համար եւ շեշտեց, որ իրեն համար այդ անարգ ոճիրը ուղղակիօրէն առնչուած է քանի մը ամիս առաջ անոր բացայայտած ականներուն եւ Լիբանանի մէջ կատարուելիք ականահարումներու թղթածրարին հետ:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է Էշրեֆիէի պայթումին թղթածրարը փոխանցել Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին, պահանջած է պայթումէն տուժած ընտանիքներուն անմիջական հատուցումներ կատարել, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութենէն պահանջուած է ապահովութեան ուժերուն փոխանցել 19 հոկտեմբերէն սկսեալ հեռաձայնային բոլոր հաղորդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ամրապնդել ներքին ապահովութեան ուժերը:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք կառավարութեան այս կազմին կառչած չի մնար` հաստատելով, որ կառավարութիւնը առյաւէտ պիտի չգործէ:
Ան ընդգծեց, որ ինք հրաժարելու իր որոշումը ժամանակաւոր կերպով պիտի սառեցնէ` ընդառաջելով նախագահ Սլէյմանի խնդրանքին, որուն հիման վրայ ան նոր կառավարութիւն մը կազմելու առումով խորհրդակցութիւններ պիտի կատարէ Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակից քաղաքական ղեկավարութիւններուն հետ եւ անոր լոյսին տակ պիտի որոշուի Միքաթիի հրաժարելու կարելիութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի խստիւ դատապարտեց Ուիսամ Հասանի սպանութեան լոյսին տակ իր դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները` շեշտելով, որ իր յարաբերութիւնները միշտ ալ լաւ եղած են Հասանի հետ եւ օր մը օրանց ինք չէ զգացած, որ ան քաղաքական կողմի մը կը պատկանի:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան առիթով ցաւակցական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի, Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
Անոնք դատապարտեցին Էշրեֆիէն ցնցած պայթումը, ցաւակցութիւն յայտնեցին անոր պատճառած զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին վիրաւորներուն:
Նախագահ Սլէյմանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, որ կոչ ուղղեց նախագահին կանխարգիլելու Լիբանանը սադրանքներու մէջ ձգելու կարելիութիւնը եւ քաղաքական անիշխանութեան չդատապարտելու երկիրը:
Պէտք է նշել, որ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, Էշրեֆիէի պայթումին արձանագրուած զոհերուն վերջնական թիւը երեք է, իսկ վիրաւորներուն թիւը` 126:
Զոհերն են` Ուիսամ Հասան, Ահմետ Սահիունի եւ հայ կին մը` Ժորժեթ Սարգիսեան:
Զօր. Ռիֆի
Ներքին ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Էշրեֆիէի պայթումին մասին բացուած հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է եւ իրենք պիտի շարունակեն հետապնդել զայն` մինչեւ վերջ:
Ան բարձր գնահատեց նահատակ Հասանի նուաճումները` ապահովական մարզին մէջ, շեշտելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերը իրենց առաքելութիւնը պիտի շարունակեն, ինչ ալ ըլլայ զոհողութեան գինը:
Զօր. Ռիֆի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական բոլոր ուժերը քաջ գիտեն Լիբանանի մէջ տիրող վտանգաւոր կացութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք չեն կրնար ենթադրել, թէ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները հարիւր առ հարիւր երաշխաւորուած են եւ թափանցումներու ենթակայ չեն:
Ան շեշտեց, որ տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ազգային կարիք է եւ այդ բաժանմունքն է, որ օրինակ դարձած է արաբական եւ օտար երկիրներու` լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութեան իբրեւ արդիւնք:
Օգնութիւն Պայթումէն Տուժած
Ընտանիքներուն
Երէկ առաւօտեան հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակին վրայ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք այցելած են պայթումէն տուժած բոլոր ընտանիքներուն ու անպատսպառ մնացած ժողովուրդին եւ իբրեւ արագ ու անմիջական դասաւորում, երկու պանդոկներու հետ համաձայնութիւն գոյացուցած են ընդունելու ընտանիքները:
Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը որոշած է, որ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդին աշխատանքը շատ արագ պիտի ընթանայ եւ հատուցումները պիտի կատարուին անմիջական կերպով:
Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կոչ ուղղեց Ուիսամ Հասանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը խաղաղութեամբ կատարելու, որովհետեւ բռնարարքները երկիրը այլ հարցերու մէջ կրնան ներքաշել:
Ան հաստատեց, որ Ուիսամ Հասան եւ բոլոր նահատակները, որոնք ինկան զայն թիրախ դարձնող պայթումին ընթացքին, Լիբանանի նահատակներն են:
Երիտասարդական Նստացոյց
Շաբաթ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերուն հրաւէրով, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ նստացոյց մը, որուն մասնակցեցան փոքր թիւով երիտասարդներ:
Նստացոյցին ընթացքին յայտարարուեցաւ կիրակի օր խիտ շարքերով Ուիսամ Հասանի եւ Ահմետ Սահիունիի յուղարկաւորութեան մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը, պահանջուեցաւ կառավարութեան հրաժարականը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղուեցաւ բաց նստացոյցի` մինչեւ կառավարութեան տապալումը:
Նստացոյցին ընթացքին խօսքեր առին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու հիմնական դէմքերէն երեսփոխաններ Մարուան Համատէ, Նուհատ Մաշնուք, Ահմետ Ֆաթֆաթ, Մոհամետ Քապպարա, Քազեմ Խէյր, Իմատ Հութ եւ Խալետ Զահրաման, նախկին երեսփոխան Էլիաս Աթալլա, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութեան անդամ Էտի Ապի Լամաա:
Խօսք առաւ կենդանի նահատակ լրագրող Մէյ Շիտիաք, որ ակնարկեց ներկայ երիտասարդներուն քիչ քանակին եւ կոչ ուղղեց բոլորին` միանալու բաց նստացոյցին:
Իր կարգին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պատկերասփռուած ճառով մը կոչ ուղղեց բոլորին մասնակցելու Ուիսամ Հասանի յուղարկաւորութեան արարողութեան: Ան հաստատեց, որ նահատակ Ուիսամ Հասան երբեք չէ դաւաճանած Թրիփոլիին, «իսկ Թրիփոլին քաջ գիտէ, թէ ո՛վ դաւաճանած է զինք», ըսաւ ան:
Հարիրի ըսաւ, որ Հասանը սպաննողը չի կրնար նաեւ Լիբանանը սպաննել:
Տեղական Եւ Միջազգային Հակազդեցութիւններու
Ալիքը Կը Բարձրանայ
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի կոչ ուղղեց բոլորին ինքնազսպումի ենթարկուելու` աւելցնելով, որ հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի թափած արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի, իսկ ոճրագործը անպայման պիտի պատժուի:
Ան ցաւակցութիւն յայտնեց ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ շեշտեց, որ Տար Ֆաթուա խստիւ կը դատապարտէ Էշրեֆիէի մէջ գործուած այս քստմնելի արարքը:
Միւֆթի Քապպանի յայտնեց, որ ինք Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի` Ուիսամ Հասանի սպանութեան սուգին առիթով:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն կառավարութեան հրաժարումը, որովհետեւ կառավարութեան աշխատանքը դժուար օրերուն համար է: Միւս կողմէ, ան ցաւ յայտնեց Ուիսամ Հասանի սպանութեան համար` աւելցնելով, որ պատասխանատու բոլոր անձնաւորութիւնները նման գործողութիւններու թիրախ կը նկատուին:
Անդրադառնալով Հասանի սպանութեան պատասխանատուութիւնը ուղղակի վարչապետ Միքաթիի վերագրող կեցուածքներուն` զօր. Աուն շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթին է, որ Հասանը իր պաշտօնին վրայ պահեց, երբ մենք գոհ չէինք անոր գործելակերպէն:
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Էշրեֆիէի բնակիչները զոհ գացած են Ուիսամ Հասանի սպանութեան` աւելցնելով, որ Հասան նահատակուեցաւ իր հաւատացած դատին ճամբուն վրայ:
Ֆրենժիէ շեշտեց, որ վարչապետ Միքաթի Ուիսամ Հասանին նեցուկ կանգնեցաւ, երբ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը փափաքէին պաշտօնազրկել զայն, «հետեւաբար Միքաթին Հասանի արեան պատասխանատու նկատելը ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ. իսկական պատասխանատուութի՞ւն, թէ՞ ոչ զայն իշխանութենէն հեռացնելու պատճառաբանութիւն», հարց տուաւ ան:
Ֆրենժիէ հաստատեց, որ վարչապետ Միքաթիի գոյութիւնը Լիբանանի ապահովական կայունութեան երաշխիք է` աւելցնելով, որ «Միքաթի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն շատ աւելի մօտ անձնաւորութիւն մըն է եւ անոնց աւելի կը ծառայէ, քան` մեզի»:
Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ իր կարգին կոչ ուղղեց հանդարտութիւնը պահպանելու` շեշտելով, որ Ուիսամ Հասանը սպաննող կողմին նպատակը երկրին մէջ գրգռութիւններու հրահրումն է:
Լիբանանեան բանակին հրամանատարութիւնը գուժեց Ուիսամ Հասանի մահը` զայն նկատելով բանակին եւ ամբողջ Լիբանանին նահատակը:
Բանակի հրամանատարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց ներքին ապահովութեան ուժերուն` շեշտելով հետաքննութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ակնարկեց Էշրեֆիէի պայթումին Սուրիոյ մեղսակցութեան հաւանականութեան:
Իր կարգին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի հերքեց բոլոր այն ամբաստանութիւնները, թէ Դամասկոս մեղսակից է հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան:
Ան շեշտեց, որ այդ ամբաստանութիւնները անհիմն են եւ հաստատեց, որ Սուրիա Լիբանանին միայն բարիք կը ցանկայ:
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի այցելեց Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն եւ անոնց փոխանցեց Փարիզի զօրակցութիւնը` Լիբանանին:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ արձանագրուած ահաբեկչական գործողութիւնը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց լիբանանցիներուն: Ուաշինկթըն իր զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի անկախութեան, կայունութեան եւ գերիշխանութեան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին դատապարտեց Էշրեֆիէի պայթումը եւ Ուիսամ Հասանը թիրախ դարձնելու ոճրային արարքը:
Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր յայտնեց, որ Լոնտոն մտահոգ է Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական եւ ապահովական զգայուն կացութեամբ:
- 0 Comments
- 349 views
- Tweet
Email
Print





