Thursday Jun 20, 2013

Հայաստանի Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ Մուտքի Արտօնագրման Դիւրացման Եւ Յետընդունման Համաձայնագիրները Նախաստորագրուած Են

By adminx - Mon Oct 22, 7:33 am

Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ղեկավար, դեսպան Աւետ Ադոնց եւ Եւրոպական յանձնաժողովի ներքին գործերու գլխաւոր տնօրէն Սթեֆանօ Մանսերուիսի անցեալ հինգշաբթի օր նախաստորագրած են Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ մուտքի արտօնագիրներու դիւրացման եւ յետընդունման համաձայնագիրները: Կը նախատեսուի, որ նշուած համաձայնագիրները պիտի ստորագրուին ընթացիկ տարուան դեկտեմբերին եւ վաւերացման փուլ պիտի մտնեն 2013-ի առաջին կիսուն:

Մուտքի արտօնագիրներու դիւրացման համաձայնագիրով Հայաստանի քաղաքացիներուն համար կը նախատեսուին Շենկենեան գօտիի երկիրներ մուտքի արտօնագիրներ ստանալու դիւրացուած ընթացակարգեր: Համաձայնագիրով Եւրոպական Միութեան երկիրներ պարզեցուած մուտք կը նախատեսուի շարք մը դասակարգերու Հայաստանի քաղաքացիներու համար, մասնաւորապէս` պաշտօնական պատուիրակութեան անդամներու, գիտնականներու, ուսանողներու, լրագրողներու, մարմնամարզի եւ արուեստի գործիչներու, Եւրոպական Միութեան երկիրներու մէջ օրինական բնակութիւն ունեցողներու մերձաւոր ազգականներու, Եւրոպական Միութեան երկիրներու մէջ գործող հայկական սփիւռքի կառոյցներուն կողմէ կազմակերպուող ձեռնարկներու մասնակիցներու, եւ այլոց համար:

Կը նախատեսուի նաեւ նուազեցնել Շենկենեան մուտքի արտօնագիրի գինը` զայն դարձնելով 35 եւրօ, ինչպէս նաեւ զայն դարձնել անվճար շարք մը դասակարգերու քաղաքացիներու, ներառեալ` երեխաներու եւ թոշակառուներու համար:

Յետընդունման համաձայնագիրով պիտի կարգաւորուի Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի տարածքին առանց թոյլտուութեան բնակող անձերու վերադարձի եւ յետընդունման ընթացակարգերը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement