Sunday May 19, 2013

Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Պատուիրակութեան Հանդիպումը Սըր Կրահամ Ուաթսընի Հետ

By adminx - Mon Oct 22, 7:31 am

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակէն պատուիրակութիւն մը երկուշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2012-ին հանդիպում ունեցաւ եւրոպական խորհրդարանի ազդեցիկ երեսփոխան (ALDE քաղաքական խումբ) սըր Կրահամ Ուաթսընի հետ, որ միաժամանակ նաեւ նախագահն է Եւրոպական ազատական ժողովրդավարական եւ բարեփոխումներու կուսակցութեան:

Հանդիպման ընթացքին Հայ դատի գրասենեակի պատուիրակութեան կողմէ բուռն բողոք ներկայացուեցաւ ALDE քաղաքական խումբի որոշման դէմ` Սաֆարովի հարցով ընդունուած Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին դէմ քուէարկելու համար, հակառակ անոր որ իրենց կողմէ յայտարարուած էր, թէ իրենք դէմ են բանաձեւումին, քանի Հունգարիոյ դէմ կարծր դատապարտում չկար: ALDE-ի կողմէ երկու երեսփոխաններ, որոնք խօսք առին` Նորիքա Նիքոլայ (Ռումանիա) եւ Քրիսթինա Օյուլանտ (Էսթոնիա), դէմ արտայայտուեցան բանաձեւին` հիմնականօրէն պաշտպանելով Ազրպէյճանը եւ յարձակելով Հայաստանի դէմ: Ուաթսըն ինք եւս իր դժգոհութիւնը յայտնեց դէմ քուէարկելու որոշման համար` նշելով, որ ինք առողջական պատճառներով ներկայ չէր եղած Սթրազպուրկ: Ինք կը հաւատայ, որ պէտք էր ամէն պարագայի դատապարտուէր Ազրպէյճան: Խոստացաւ նաեւ կապի մէջ մտնել երեսփոխաններուն հետ եւ իրենց ուշադրութեան յանձնել, թէ առնուած քայլն ու Եւրոպական խորհրդարանի նիստին ընթացքին իրենց արտայայտութիւնները տեղին չէին:

Ուաթսոնին փոխանցուեցաւ նաեւ Արցախի հիմնախնդիրին շուրջ Հայ դատի գրասենեակին կողմէ պատրաստուած պրակը: Համաձայնութիւն գոյացաւ, մօտ ապագային ունենալ հանդիպում մը եւս` այս անգամ մասնակցութեամբ Արցախէն ներկայացուցիչի մը, որպէսզի աւելի հանգամանօրէն ներկայացուի հարցը իրեն:

 

Leave a Reply

Advertisement