Sunday May 19, 2013

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ` «Ազդակ»-ի Թղթակիցին Վկայութեամբ

By adminx - Mon Oct 22, 7:26 am

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ մինչ քաղաքական գետնի վրայ Դամասկոս զբաղած էր Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի այցելութեամբ, անցնող քանի մը օրուան ընթացքին անորոշ վայրերէ լսուած պայթումներու ձայները կը խանգարէին մայրաքաղաքին հանդարտութիւնը:

Անցեալ հինգշաբթի օր, Դամասկոսի Քաֆար Սուսէ շրջանին մէջ Օսման Պին Աֆան մզկիթին մօտ ականուած հեծանիւի պայթում մը նիւթական վնասներ պատճառեց: Միւս կողմէ, Ռըքնէտտին շրջանին մէջ բախումներ արձանագրուեցան զինեալ խմբակներու եւ բանակի ուժերուն միջեւ:

Իսկ անցնող երկու օրերուն Դամասկոսի որոշ շրջաններու մէջ շարունակ կը լսուէին հրետանային հարուածներու ձայներ` Թատամոն, Պարզէ, Ժոպար, Հարասթա եւ Ղութայի շրջաններէն, ուր կը շարունակուին զինեալներու հալածանքի եւ վերացման գործողութիւնները հրետանային եւ օդային ուժերով:

Պետական հաստատութիւններու վրայ յարձակումի գործողութիւններ իրականացնելու մտավախութենէն մեկնելով` մայրաքաղաքի կարգ մը պողոտաներ եւ մայրուղիներ անցարգելներով փակուած են:

«Ազդակ»-ի թղթակիցը նաեւ տեղեկացուց, որ երէկ առաւօտ ականուած ինքնաշարժի պատճառով ուժգին պայթում մը ցնցեց Դամասկոսի Պապ Թումայի հրապարակը. պայթումին պատճառով ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, ինկան 13 զոհեր եւ 29 վիրաւորներ: Պայթումի պատճառով նիւթական վնասներ կրեցին հրապարակին վրայ գտնուող ոստիկանութեան շէնքը, բազմաթիւ ինքնաշարժներ եւ բնակարաններ:

«Ազդակ»-ի թղթակիցը կը յայտնէ, որ Պապ Թուման կը նկատուի մայրաքաղաքի Հին Դամասկոս կոչուած շրջանէն մաս մը, ուր կը գտնուի Հայ կաթողիկէ եկեղեցին եւ անոր կից Փարոս ճեմարանը: Բարեբախտաբար պայթումի պահուն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալները կը գտնուէին եկեղեցիին մէջ, սակայն հրապարակին վրայ գտնուող ոմանց ինքնաշարժները վնասուեցան եւ վարժարանի շէնքի ապակիները կրեցին փոքր վնասուածք: Հրապարակն ու թաղամասը անմիջապէս շրջափակուեցան անվտանգութեան ուժերով:

Leave a Reply

Advertisement