Sunday May 19, 2013

«Քաղաքական Լուծումի Մը Բանալին Ըմբոստներուն Զինումը Դադրեցնելն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Ասատ

By adminx - Mon Oct 22, 7:23 am

«Քաղաքական լուծումի մը բանալին ըմբոստներուն զինումը դադրեցնելն է», երէկ յայտարարեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ` Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք:

«Սուրիական տագնապի լուծման որեւէ մէկ առաջարկ նախ պէտք է կեդրոնանայ պետութիւններու կողմէ ահաբեկիչներուն զօրակցութեան եւ զէնքի մատակարարման դադրեցման վրայ», շեշտեց Ասատ` աւելցնելով, որ հարցին որեւէ քաղաքական լուծում պէտք է նաեւ յարգէ  Սուրիոյ գերիշխանութիւնը եւ մերժէ արտաքին միջամտութիւնները:

Ասատի հետ հանդիպումէն ետք Իպրահիմին չանդրադարձաւ հանդիպման ընթացքին սեղանի վրայ դրուած հարցերուն, ան բաւարարուեցաւ հակամարտող բոլոր կողմերուն կոչ ուղղելով Ատհայի տօնին առիթով յարգելու զինադադարը:

«Ընդդիմադիր ուժերը խոստացան յարգելու զինադադարը, եթէ կառավարութիւնը նոյնանման քայլի ձեռնարկէ: Կողմերը կրնան սկսիլ զինադադարին այսօր կամ վաղը, երբ որ կ՛ուզեն Ատհայի տօնին առիթով եւ անկէ ետք նոյնիսկ: Եթէ տեսնենք, որ տօնին ընթացքին խաղաղութիւն հաստատուեցաւ, պիտի փորձենք պահել զայն, իսկ եթէ ոչ, ապա պիտի շարունակենք մեր ջանքերը` քաղաքական լուծումի մը յանգելու համար», ըսաւ Իպրահիմի:

Նշենք, որ Թուրքիան եւ Իրանը նոյնպէս զինադադարի կոչ ուղղեցին հակամարտող կողմերուն:

Մինչ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն ու Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմին կը քննարկէին սուրիական տագնապին լուծման կարելիութիւնները, մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը:

Դամասկոսի Պապ Թումա շրջանին ոստիկանատան մօտ ականուած ինքնաշարժին զոհ գացին աւելի քան 13 քաղաքացիներ, վիրաւորուեցան տասնեակ մը ուրիշներ:

 

Leave a Reply

Advertisement