Monday Jun 17, 2013

Ռուսիա. 49 Անջատողականներ Կը Սպաննուին 90 Ռազմական Կեդրոններ Կ՛ոչնչացուին

By adminx - Mon Oct 22, 7:21 am

Ռուսիոյ հակաահաբեկչական գործակալութեան երէկ կատարած յայտարարութեան համաձայն, շաբաթավերջին Ռուսիոյ ապահովական ուժերը սպաննած են 49  զինեալներ, որոնք դիրքաւորուած էին Հիւսիսային Կովկասի շրջաններուն մէջ, ուր անջատողականները կը պայքարին իսլամական պետութեան մը ստեղծման համար:

Յայտարարութիւնը կը հաստատէ, որ գործողութիւններուն ընթացքին սպաննուած են ինը ղեկավարներ եւ ձերբակալուած են 30 զինեալներ: Յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք ոչնչացուած են շուրջ 90 ռազմական կեդրոններ եւ զինամթերքի 26 պահեստներ:

Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր վերընտրութենէն ետք դարձեալ ազգային քաղաքականութեան օրակարգին վրայ դրած էր Ռուսիոյ տարածքին եւ մանաւանդ Չեչենիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող անջատողական խմբակցութիւններու հարցը, եւ Ռուսիոյ ապահովական ուժերուն թելադրած էր ամրապնդել ապահովութիւնը Ռուսիոյ տարածքին, ուր 2014-ին տեղի պիտի ունենան  ձմեռնային ողիմպիական խաղերը եւ կարգ մը միջազգային կարեւոր իրադարձութիւններ:

Յայտնենք նաեւ, որ «Կովկասի Էմիրութիւնը», որ կը ղեկավարէ ապստամբութիւնները, կոչ ուղղած էր զինեալներուն հարուածելու Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք ձմեռնային ողիմպիական խաղերը եւ հոն տեղակայուած պետական եւ իրաւաբանական հաստատութիւնները:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement