Thursday May 23, 2013

Տաւիտ Ուսուփաշվիլի` Վրաստանի Խորհրդարանի Նախագահ

By adminx - Mon Oct 22, 7:18 am

Տաւիտ Ուսուփաշվիլի

Վրաստանի նորընտիր խորհրդարանը երէկ գումարեց իր առաջին նիստը, որուն ընթացքին խորհրդարանի նախագահ ընտրեց Վրացական երազանք դաշինքի առաջնորդներէն, Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Տաւիտ Ուսուփաշվիլին: Ան ստացաւ 129 երեսփոխաններէն 88-ին քուէն:

Քութայիսիի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական անդրանիկ նիստին բացումը կատարեց Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի, որ իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց խորհրդարանականներուն: Նիստին իբրեւ պատուաւոր հիւրեր մասնակցեցան նաեւ նախարարներ:

Նշենք, որ 44 տարեկան իրաւաբան Ուսուփաշվիլի 2005-էն ի վեր կը վարէ Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնը: Ան մասնակից դէմքերէն էր 2003-ի Վարդագոյն յեղափոխութեան, որուն իբրեւ արդիւնք Սահակաշվիլի ընտրուեցաւ նախագահ:

 

Leave a Reply

Advertisement