Wednesday May 22, 2013

Եգիպտոսի Իսլամ Եղբայրները Երուսաղէմի Ազատագրման Համար Ժիհատի Կոչ Կ՛ուղղեն

By adminx - Mon Oct 22, 7:17 am

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը` վկայակոչելով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութիւնը` ի դէմս իր հոգեւոր ղեկավար Մոհամետ Պատիի աշխարհի բոլոր իսլամներուն կոչ ուղղած է սրբազան պատերազմի միջոցով Երուսաղէմը ազատագրելու:

Պատի իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար նշած է, որ «Ժիհատի միջոցով Երուսաղէմը վերադարձնելը իւրաքանչիւր իսլամի պարտքն է»` միեւնոյն ատեն ընդգծելով, որ այդ հարցին մէջ «բանակցութիւններն ու ՄԱԿ-ը անզօր են»:

Իսլամ եղբայրներու ղեկավարը նախապէս եւս դիմած էր արաբական երկիրներուն` Իսրայէլի դէմ դուրս գալու: Ան միջազգային ընտանիքին եւս կոչ ուղղած էր սիոնական վարչակարգին վրայ ճնշում բանեցնելու, որուն հիմնական նպատակն է ազատագրել Պաղեստինի հողերը:

Պատի իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով շեշտած է, որ իսլամները այժմ թեւակոխած են մարդոց` նախ եւ առաջ պաղեստինցիներու ազատագրման նոր դարաշրջան:

Leave a Reply

Advertisement