Անգարա Ռուսական Կազէն Հրաժարելու Կարելիութիւն Կ՛ընձեռէ Քիեւին
By adminx - Mon Oct 22, 7:15 am
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Սերկէյ Քորսունսքի «Տեն» պարբերականին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիա կարելիութիւն կ՛ընձեռէ, որ Ուքրանիա եւս մասնակցութիւն ունենայ անդրանատոլուական կազի խողովակաշարի կառուցման, խողովակաշար մը, որ Թուրքիոյ ճամբով Ազրպէյճանէն Եւրոպա պիտի հասնի:
«Թուրքիան ամբողջովին կ՛աջակցի մեզ այդ նախագիծին մէջ ներգրաւելու հարցին: Այժմ բանակցութիւններ կ՛ընթանան ազրպէյճանական կողմին հետ, որովհետեւ անոնց կը պատկանի բաժնետոմսերուն 80 առ հարիւրը, եւ մենք կրնանք ներգրաւուիլ անոնց բաժինին հաշուոյն», ըսած է դեսպանը:
«Թեքնիք կարելիութիւն կամ մեր խողովակները, սարքերը եւ ճնշակները կրնանք մատակարարել խողովակաշարի շինարարութեան համար», աւելցուցած է ան:
Ըստ անոր, նախագիծը Եւրոպական Միութեան կողմէ կը խրախուսուի, որովհետեւ եւրոպական երկիրներուն տարեկան 16 միլիառ խորանարդ մեթր կասպիական կազ պիտի հասցնէ:
Ըստ դեսպանին, խողովակաշարի շահագործումէն ետք Ուքրանիա պիտի կարենայ այդտեղէն կազ ստանալ:
Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Անդրանատոլուական խողովակաշարի կառուցման վերաբերեալ համաձայնութիւնը գոյացած էր 26 յունիս 2012-ին: Շինարարութիւնը կը նախատեսուի սկսիլ 2014-ին եւ աւարտել 2018-ին:
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print




