Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ֆրանսայի Բողոքական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահը
By adminx - Mon Oct 22, 7:10 am
- 0 Comments
- 104 views
- Tweet
Email
Print
Շաբաթ, 20 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի բողոքական եկեղեցիներու նախագահ փասթէօր Իվ Կունելը, ընկերակցութեամբ վեր. Փիեռ Լագոստի եւ վեր. Ռոպեր Սարգիսեանի: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Յայտնենք, որ Ֆրանսայի բողոքական եկեղեցիները պատմական կապեր ունին շրջանին հետ:
Վեհափառ հայրապետը, ընդհանուր արժեւորում մը կատարելով ներկայ կացութեան, շեշտեց, որ արեւմտեան երկիրներուն կողմէ ճիշդ չէ հապճեպ եզրակացութիւններու յանգիլ եւ խիստ դիրքորոշումներ որդեգրել: Անհրաժեշտ է մօտէն հետեւիլ տեղի ունեցող զարգացումներուն` միշտ կառչելով մարդկային իրաւունքներու, արդարութեան եւ խաղաղութեան սկզբունքներուն: Այս ծիրին մէջ վեհափառը յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը աւելի ամրապնդելու անհրաժեշտութեան` յիշեցնելով, որ քրիստոնեայ համայնքները կը պատկանին Միջին Արեւելքին` իբրեւ ծննդավայր քրիստոնէութեան, եւ կը մնան ամրօրէն կառչած իրենց պատմական իրաւունքներուն ու առաքելութեան:
- 0 Comments
- 104 views
- Tweet
Email
Print



