Wednesday Jun 19, 2013

Հայ Եկեղեցւոյ Մասնակցութիւնը Ուղղափառ Եկեղեցիներու Ներկայացուցիչներու Ժողովին` Յունաստանի Մէջ

By adminx - Mon Oct 22, 7:09 am

11-17 հոկտեմբեր 2012 Գոս կղզիին մէջ (Յունաստան) գումարուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ համաժողովի ուղղափառ եւ արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու նախապատրաստական խորհրդակցութիւնը:

Ժողովին մասնակցեցան շուրջ 40 հոգեւորական եւ աշխարհական ժողովականներ:

Ս. Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցաւ Յովակիմ եպս. Մանուկեան, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ` Սալբի Էսկիճեան:

Ժողովականները լիակատար նիստերու դասախօսութիւններով եւ խմբակներու հանդիպումներով քննարկեցին համաժողովին հետ կապուած կարեւոր հարցեր:

Յայտնենք, թէ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 30 հոկտեմբերէն 9 նոյեմբեր 2013-ին` Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ:

Leave a Reply

Advertisement