Յայտարարութիւններ ( 20 Հոկտեմբեր 2012 )
By adminx - Sat Oct 20, 6:30 am
- 0 Comments
- 286 views
- Tweet
Email
Print
ԱՀԱԶԴ
Տիար Անդրանիկ Պէօյիւքեան եւ զաւակները` Արթօ, Շանթ եւ Արման (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Գառնիկ Հացագործեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Օրդ. Շաքէ Հացագործեան
Տէր եւ տիկին Ժաք Տեկիրմենճեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Արա Հացագործեան
Տէր եւ տիկին Միհրան Պէօյիւքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Համամճեան եւ զաւակունք
Պալասանեան եւ Թորիկեան ընտանիքներ
Ալեքսանեան եւ Պապիկեան ընտանիքներ
Քիւթիւքճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց կնոջ, մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ԱԼԻՍ ՊԷՕՅԻՒՔԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՀԱՑԱԳՈՐԾԵԱՆ)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 17 հոկտեմբեր 2012-ին, Մոնրէալի մէջ, Քանատա:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի շաբաթ, 20 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Մոնրէալի Հայ առաքելական Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Հանգուցեալին հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի շաբաթ, 20 հոկտեմբերին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, կէսօրուան ժամը 12:30-ին:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ «Կարպիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
————————————————————————————–
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆԿիրակի, 28 հոկտեմբեր 2012-ին, Գիւտ Խաչի կիրակին, եկեղեցւոյս անուանակոչութեան տօնն է:
Այն հաւատացեալները, որոնք կը փափաքին ոչխար նուիրել կամ մասնակցիլ նիւթական նուէրով, թող բարի ըլլան կապ պահել թաղականութեան քարտուղարութեան հետ:
Հեռ. 01-981102/3, ամէն օր ժամը 8:00-1:00:
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»
Արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»-ի` «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին`
Տէր եւ տիկին Տիգրան եւ Անգինէ Գալայճեան 1000$
————————————————————————————–
«ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ» ՖՈՆՏԻՆ
Սեդրակ Տէօրտիւլեանի մահուան առիթով`
Տէր եւ տիկին Թորոս Տէօրտիւլեան 200$
————————————————————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԶԱՊԷԼ ՆԱՃԱՐԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2012-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՐՄԷՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆի մահուան 8-րդ տարելիցին եւ ԱՂԱՃԱՆ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆի մահուան 3-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2012-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՊՈՒՉԱՔՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2012-ին, Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՄԱՐԻ ՀԱԼԱՃԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2012-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՄԱՐԻ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2012-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————————————————————–
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՄՏԵՐՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ
ՌՈՒԲԷՆ ՀԱԽՎԵՐՏԵԱՆԻՆ
ԵՒ ԻՐ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Վասպուրական» սրահին մէջ:
- Բաց խմիչք:
- Սահմանափակ թիւով տոմսեր, սակ` 50,000 լիբ. ոսկի
Տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնել 70-646092 թիւին:
————————————————————————————–
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՄԸ
Ձեզ կը հրաւիրէ
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ
Նիւթ`
«ԴՊՐՈՑԻՆ ԴԵՐԸ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ՔԱՂԱՔԱՑԻ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼՈՒ
ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»
(Անգլերէնով)
Դասախօս`
ԴՈԿՏ. ՅԱԿՈԲ Ա. ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
(Կրթութեան ամպիոն-Հայկազեան Համալսարան)
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ, Քանթարի, Պէյրութ:
————————————————————————————–
ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԼՍԱՐԱՆԻ
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ-ԼԻԲԱՆԱՆ
Հովանաւորութեամբ Ս. աթոռոյս գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաս-jտիարակութեան բաժանմունքին, երեքշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ վերաբացումը Հայ կիներու հոգեւոր լսարանին:
Ամառնային եռամսեայ դադարէն ետք, անգամ մը եւս կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները, ամէն երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-11:00, ներկայ գտնուելու Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցող սոյն հոգեւոր լսարանին` լեցուելու համար քրիստոնէական ու բարոյական արժէքներով:
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ
ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ
————————————————————————————–
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Այս տարեշրջանի արձանագրութիւնները, նախկին եւ նոր սաներու համար, պիտի կատարուին երեք շաբաթ օրերու վրայ 13 եւ 20 եւ 27 հոկտեմբերին, ժամը 2:00-էն 6:00, կէսօրէ ետքերը, միութեանս տան մէջ` Զալքա, «Հարուն» հիւանդանոցին դիմաց, հեռ. 01/875765:
Կարեւոր: Այս թուականներէն ետք դիմումները նկատի պիտի չառնուին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ»
ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ
2012-2013 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
Համազգայինի «ՔՆԱՐ» պարախումբը 2012-2013 տարեշրջանին համար վերսկսած է իր փորձերուն ղեկավարութեամբ` պարուսոյց ՅՈՎԻԿ ԽԱՉԻԿԵԱՆի:
Հին եւ նոր անդամներէն կը խնդրուի ներկայանալ փորձերուն, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոն, ամէն երկուշաբթի եւ չորեքշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, կամ դիմել վարչութեան անդամներուն:
————————————————————————————–
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Ուրախութեամբ կու գանք յայտարարելու մեր սիրելի ծնողներուն, թէ յառաջիկայ կիրակի, 21 հոկտեմբեր 2012-ին, աշակերտական վերամուտն է Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններուն: Ուստի բոլոր եկեղեցիներուն կողքին գտնուող կիրակնօրեայ վարժարանները պիտի դիմաւորեն աշակերտները մեծ ուրախութեամբ:
Սիրելի՛ ծնողներ,
Կիրակնօրեայ վարժարանը իր դռները բաց կը պահէ իւրաքանչիւր հայորդիի առջեւ, որպէսզի զայն սնուցէ հայ հաւատքի ու պատմութեան կաթով` մանուկ հոգիներուն մէջ հիմերը դնելով մեր ազգի ապագայ ղեկավարներուն:
Մի՛ զրկէք ձեր զաւակները ազգաշէն այս սիրուն բոյնէն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ՄՏՔՈՎ ԹԵՐԱՃ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ
«ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» ԿԵԴՐՈՆ
2012-2013 տարեշրջանի աշխատանքները կը սկսին 22 հոկտեմբերէն սկսեալ:
Կեդրոնը կը շարունակէ ընդունիլ հին եւ նոր աշակերտներ` երկսեռ մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ:
Կեդրոնը ունի աշխատանոցի դրութիւն եւ ինքնաշարժի սպասարկութիւն:
Նոր հասցէ` Թրատի Հայ աւետարանական վարժարանի շրջափակին մէջ, կուրանոցի կողքին: Հեռաձայն` 01-257631:
Հեռապատճէն` 01-562373
E-mail:ZVARTNOTZ@hotmail.com
ԾԱՆՕԹ.- Մասնագիտացած դաստիարակութիւնը առաւել չափով արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, երբ մանուկներ փոքր հասակին կեդրոն կը ներկայանան:
Բարի վերամուտ:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ԱՇՃԵԱՆ ԹՈՒՐԶ
ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ԲԱՅՑ ԻՐԱՒ
1-11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Իրենց տեսակին մէջ առաջին անգամ ըլլալով բացառիկ շրջապտոյտ եւ ուխտագնացութիւններ` Հայաստան, Ծաղկաձոր, Ախալքալաք, Ախալցխա, Կարս, Մուշ, Սասուն, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերաբացման 2-րդ տարեդարձին առիթով ներկայ գտնուիլ Ս. պատարագին, Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ աւերակներ, Վան քաղաք, Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցի, Վարագայ վանք, Պայազիտ քաղաք, Կարսի բերդ, Ս. Առաքելոց եկեղեցի, Երեւանի մէջ լման պտոյտներով, Ա. կարգի պանդոկներ, նախաճաշ եւ ընթրիք, Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութ օդանաւով, Արեւմտեան Հայաստան մինի պասով, գին փոխան 1450 տոլարի միայն 1050 տոլար:
Արձանագրութեան համար դիմել
հեռ. 01-261177, 03-233978:
————————————————————————————–
ՏՈՔԹ. ԶԱՐԵՀ ՄԱԼՃԵԱՆ
Հեռաձայնի նոր թիւերն են.
Բջիջային.- 71-896358
Դարմանատուն.- 01-245151
Բնակարան.- 01-879259
————————————————————————————–
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Պուրճ Համուտ, Արագածի շրջան, 100 քառ. մեթր, 4-րդ յարկ, վերանորոգուած: Դիմել` հեռ. 70-373494:
————————————————————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Կանացի հագուստի գործատեղի մը կարիքը ունի փորձառու վարպետ վերակացուի կամ վերակացուհիի: Դիմել` հեռ. 01-260975:
————————————————————————————–
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
ԵՒ
ԱՐԱՐԱՏ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
21 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
————————————————————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ
17 Հոկտեմբեր 2012
14 Նոյեմբեր 2012
21 Նոյեմբեր 2012
18 Դեկտեմբեր 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւն
ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆԻ ՕՐ
20 հոկտեմբեր, 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 նոյեմբեր, 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն
30 նոյեմբեր 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 286 views
- Tweet
Email
Print



