Thursday May 23, 2013

Քոնկ Ֆու – Ու Ու Շու. Թաու-Լուի Ախոյեանութիւն` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

By adminx - Sat Oct 20, 6:01 am

 

Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի Թաու-լուի ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ աւելի քան յիսուն մարզիկներու:

Այդ մարզիկները կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները, ՀՄԸՄ Անթիլիաս, ԱՊՊԱ Պուրճ Համուտ, Սատաքա Այնճար, Սանթրալ Ժունիէ, Պել Հորիզոն Ատմա եւ Անթունիէ Պաապտա:

139 կէտ ապահովելով առաջին դիրքը գրաւեց Պել Հորիզոն: Ապա անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Սանթրալ (80 կէտ) եւ Սատաքա (48 կէտ):

Այս ախոյեանութեան հսկեցին ֆետերասիոնի փոխնախագահներ Ժաք Տաղլեան եւ Նաում Սաատէ, ընդհանուր քարտուղար Պասսամ Նոհրա, իսկ մրցաշարքին իրաւարարներն էին մասթըր Շան Շաու Եէն եւ Յարութ Վարդանեան:

Աւարտին Տաղլեան եւ Սաատէ կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը:

 

Leave a Reply

Advertisement