Friday May 24, 2013

Լիբանանի Մոթորսայքլինկի Ախոյեանութիւն. Ա. Հանգրուանի Մրցումները` Կիրակի, 4 Նոյեմբերին

By adminx - Sat Oct 20, 5:58 am

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Լիբանանի մոթորսայքլինկի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ կիրակի, 4 նոյեմբեր 2012-ին, տեղի կ՛ունենան Ա. հանգրուանի մրցումները` Նապաթիէի մէջ գտնուող Քֆարթըպնիթ դաշտին վրայ:

Նշենք, որ այս հանգրուանին տեղի պիտի ունենան Մոթորքրոսի «Էմ. Էքս-1» եւ «Էմ. Էքս-2» դասակարգի մրցումները:

Ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ այս ախոյեանութեան մասնակցիլ փափաքողները կրնան կապ հաստատել հեռաձայնի հետեւեալ թիւերուն` 01-552312 եւ 70-107052, ինչպէս նաեւ հետեւեալ կայքէջին միջոցով lmclebanon@hotmail.com:

Եզրափակելով հաղորդագրութիւնը ֆետերասիոնը նշեց, որ առանց իր հաւանութեան տեղի ունեցող բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն արդիւնքները չեղեալ կը նկատուին:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement